*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Հայաստանի Անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նախօրէին, հիմնական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան երկրին կառավարական եւ ռազմական կառոյցներուն մէջ: Փութինեան Ռուսիան, իր ամբողջ ազդեցութիւնն ու հեղինակութիւնը օգտագործեց ի վերջոյ հիմնովին բարեփոխելու ռազմավարական դաշնակից երկրին մէջ ծայր առած անցանկալի երեւոյթները՝ օլիկարխիկ քրէածին տարրերու չէզոքացումը եւ Հայաստանի տնտեսութիւնը կործանումէ փրկելու գործընթացը: Մոսկուա այդ նոր իրադարձութիւնները իրականացնելու համար դարձեալ Երեւան ղրկեց Երեւանի նախկին քաղաքապետ` դրամատէր գործարար Կարէն Կարապետեանը, որ անմիջապէս Վարչապետ ընտրուելով ամբողջական փոփոխութեան ենթարկեց Հայաստանի կառավարութիւնը՝ նոր ու երիտասարդ դէմքեր աշխատանքի կոչելով, որպէս փորձառու մասնագէտներ: Անշուշտ, այս բոլոր հաճելի նորութիւնները արժանացան Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի ամբողջական հաւանութեան եւ նեցուկին, լաւ հասկնալով, թէ նախկին փտած համակարգով Մայր Հայրենիքը դէպի կործանում կ’երթար…:
Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութեան եւ փառաւոր զօրահանդէսին՝ առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ ռազմագիտական մեծ նշանակութիւն ունեցող «իսքենտեր» հրթիռային համակարգը, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն առաջ մեր հայրենիքի զինեալ ուժերը ունէր եւ պահուած էր Պաքուի նաւթահորերը քարուքանդ ընելու համար…: Այս անգամ, նաեւ «Սմերչ» եւ հակա-օդային հրթիռային այլ համակարգեր, Քրէմլինի ամբողջական հաւանութեամբ, ի լուր աշխարհի, Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ, հասկցուցին թէ դժոխային օրեր պիտի սպասուին իրենց համար՝ եթէ փորձեն նոր արկածային դրութիւններու դիմել…:
Տարածաշրջանի, Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ռազմա-քաղաքական խելացնոր իրադարձութիւնները, Սուրիոյ թէ Իրաքի, Թուրքիոյ մէջ հիւլէական պատերազմի բռնկման վտանգ ներկայացնող Քորէայի թէ ծայրագոյն Արեւելքի բարդացող խնդիրները, զարմանալիօրէն իրենց դրական անդրադարձը ունեցան Հայաստանի համար, երբ համայն հայ ժողովուրդը, կարողացաւ հերոսական ջանքերով ետ մղել ազերի-թուրք նախայարձակը եւ արար-աշխարհին յայտարարել թէ՝ Հայաստանն ու Արցախը կա՛ն եւ պիտի մնան ընդմիշտ…: Համահայկական, Սփիւռք-հայրենիք միաւորման վառ ցոյցերով, Երեւանէն՝ Մոսկուա, Պէյրութ, Լոս Անճելըս թէ Պուէնոս Այրէս, Հայ ժողովուրդը փառաւորապէս նշեց Հայաստանի 3-րդ հանրապետութեան 25-րդ ամեակը: Մաղթենք որ համայն աշխարհի մէջ բարեկամներ ունեցող մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը, ի վերջոյ կը դառնայ լոյսի փարոս, շնորհիւ նաեւ հիւսիսի «քեռի»ին ամբողջական նեցուկին…: