Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«Սաթամեան» Թատերախումբը Պիտի Ներկայացնէ «Թենոր Մը Կ’ուզուի» Կատակերգութիւնը

ՀԲԸՄ-ի «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբի «Դրամը Ինչե՜ր Կ՛ընէ» կատակերգութեան աննախընթաց յաջողութենէն ետք, թատերախումբը հանդէս պիտի գայ ուրիշ ծիծաղաշարժ կատակերգութեամբ մը՝ «Թենոր Մը Կ՛ուզուի» խորագիրով, որ պիտի ներկայացուի յառաջիկայ Հոկտեմբեր 22-էն սկսեալ:

«Դրամը Ինչե՜ր Կ՛ընէ» կատակերգութիւնը աւելի քան 10 անգամ ներկայացուեցաւ Փասատինայի եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ. նաեւ, թատերախումբը հիւրախաղերով հանդէս եկաւ Օրենճ Քաունթիի, Ֆրեզնոյի եւ հեռաւոր Նիւ Ճըրզիի մէջ՝ խանդավառելով բոլոր հանդիսատեսները անխտի՛ր:

«Թենոր Մը Կ՛ուզուի» կատակերգութեան հեղինակն է ամերիկացի թատերագիր Քեն Լուտվիկ, իսկ թարգմանիչը՝ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան: Այս թատերախաղը բեմադրուած է աւելի քան 30 երկիրներու մէջ՝ 20 տարբեր լեզուներով:

Երկու արարներով սոյն թատերախաղին գործողութիւնը տեղի կ’ունենայ 1934-ին, Օհայօ նահանգի Քլիվլընտ քաղաքին մէջ: Քլիվլընտի օփերան պիտի ներկայացնէ «Օթելլօ»ն, որուն գլխաւոր դերը խաղալու համար կը հրաւիրուի իտալացի աշխարհահռչակ թենոր Թիթօ Միրելլին: Մեծ ակնկալութիւններով, Միրելլի կը հասնի Քլիվլընտ, սակայն իրերայաջորդ ակամայ եւ խիստ ծիծաղաշարժ սխալանքներով, ան բեմ չի կրնար բարձրանալ, բայց այնուամենայնիւ ներկայացումը տեղի կ՛ունենայ՝ մեծ յաջողութիւն ձեռք ձգելով. ինչպէ՞ս… Պէտք է անձա՛մբ ներկայ ըլլաք՝ գիտնալու համար, թէ ինչպէ՛ս այդ թնճուկը հանգոյցի մը նման կը քակուի քրքջալից տեսարաններու ընդմէջէն։

Այս թատերախաղը պիտի ներկայացուի ՀԲԸ Միութեան Փասատինայի կեդրոնի սրահին մէջ, Հոկտեմբեր 22, 23, 30-ին եւ Նոյեմբեր 5 եւ 6-ին։

Շաբաթ օրուան ելոյթները՝ երեկոյեան ժամը 8-ին, իսկ Կիրակի օրերը՝ ժամը 6-ին:

Տոմսերու գինը 25 տոլար է, իսկ ստանալու համար կամ այլ տեղեկութեանց համար, կարելի է հեռաձայնել ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի գրասենեակը՝ հետեւեալ թիւով. (626) 794-7942։

(Թղթակցութիւնը՝ Թատերախումբէն)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին