Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Միտքս Դէպի Ետ՝ 1988 Կ՛երթայ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Հակառակ զինք նախորդող շաբաթներու լաւատես լուրերուն, ինչպէս ատենին այս սիւնակով նախատեսած էի, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ ընտրելու 45-րդ նիստն ալ երէկ ամուլ դուրս եկաւ…:

Ի տես իրար յաջորդող այս ձախողութիւններուն եւ հանգոյցին նաեւ ոմանց կարկտան մը ընելու փորձութիւններուն եւ ուրիշներուն խոչընդոտումին, միտքս դէպի ետ՝ 1988 կ՛երթայ:

Այդ տարին եւ նախագահական թափուրէ մը խուսափելու փորձով, օրուայ շրջանաւարտ նախագահ Ամին Ժըմայէլ կարկտան մը ըրաւ…: Բոլորս գիտենք, թէ ինչ էր…:

Բոլորս նաեւ ապրեցանք այդ կարկտանին հետեւանքները…. արիւնայեղութիւնը… եւ Թաէֆը: Թաէֆի համաձայնագիրը, ով կ՛ուզէ ինչ ըսէ, Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն մինչեւ այդ օրը ունեցած քաղաքական ուժը տկարացուց: Յետոյ շեշտուեցաւ սուրիական տիրապետութեան մութ տարիները, որ աւելի եւս տկարացուց քրիստոնեաները…:

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ մերօրեայ քաղաքական այս թնճուկը նոյնանման կարկտանով մը պիտի «կարգաւորուի»…: Յետոյ այդ կարկտանէն պիտի բխի արիւնայեղութիւն… ապա նոր «Թաէֆ»… ապա եւ խաչ Լիբանանի քրիստոնեաներուն քաղաքական դերին վրայ կամ այն ինչ, որ մնացած է անկէ…:

Դուն ի՞նչ կ՛ըսես սիրելի ընթերցող :

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին