ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի ելոյթներուն ծանօթ է լիբանանահայութիւնը:Անոր համբաւը դուրս ելած է Լիբանանի սահմաններէն՝ հասնելով Մայր Հայրենիք եւ այլուր: «Արին» պարախումբը իր որակաւոր ելոյթներով դարձած է համագաղութային միջոցառումներու պարծանքը :
Աւանդութիւն մը գոյութիւն ունի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մօտ: Իւրաքանչիւր զօրագունդ, տարբեր առիթներով կը ներկայացնէ իր երկրի պատմութիւնը, ազգային աւանդութիւնները:
Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, հարաւային Լիբանանի Նաքուրա գիւղաքաղաքի Շամաա շրջանին մէջ, ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան հովանաւորութեամբ, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով եւ ի պատիւ ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մէջ ծառայող հայկական զօրագունդին, տեղի ունեցաւ հայկական մշակոյթին նուիրուած երեկոյ մը:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը հրաւէր ստացած էր մասնակցելու սոյն յիշատակելի հանդիսութեան: Անոր ելոյթը արժանացաւ ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն եւ ներկաներուն ջերմ ընդունելութեան: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ ծառայող դիւանագիտական շրջանակի ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը եւ դեսպանատան անձնակազմը, պաշտօնական հիւրեր, որոնց մէջ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արթօ Գունտաքճեանը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի վարչութիւնը:
Երեկոյին բացումը կատարեց ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար Լուչիանօ Փորթոլանօն: Ան դրուատեց համաշխարհային մշակոյթի մէջ հայ ժողովուրդին դերակատարութիւնը եւ շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ արժեւորեց խաղաղապահ ուժերուն մէջ հայկական զօրագունդին նախանձախնդիր մասնակցութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Յարգելի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքին եւ շնորհաւորեց ՖԻՒՆԻԼ-ի մէջ հայ խաղաղապահ ուժերը, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով, նշելով որ միջազգային ընտանիքը բարձր կը գնահատէ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ծառայող հայ խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը: Դեսպան Մկրտչեան խաղաղութիւն մաղթեց աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ծառայող խաղաղապահ բոլոր ուժերուն: Այս խօսքերուն յաջորդեցին սրտաբուխ ելոյթներ:
Պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որ սիրայօժարօրէն տրամադրած էր « Մայրիկ» հռչակաւոր ճաշարանի տնօրէնութիւնը, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Յայտագիրին սկիզբը ցուցադրուեցաւ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակոյթը, աւանդութիւնները խտացնող վաւերագրական ժապաւէն մը:
Ապա բեմ բարձրացաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը, որ ներկայացուցած «Շաւալի խոշպիլազիկ» ազգագրական պարով արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին: Մեր պարախումբին ելոյթը ոգեւորեց ներկաները: Յատկապէս ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ հայ զինուորներուն մօտ խանդավառութիւնը մեծ էր՝ «Արին» պարախումբի կատարողութեան: Հերթաբար ելոյթ ունեցան նաեւ Համազգայինի տհոլային խումբը եւ ՆՍՄՄ-ի պարախումբը:
Հանդիսութեան աւարտին, մեր պարախումբին նախաձեռնութեամբ ներկաները, ներառեալ ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու բոլոր միաւորները միասնաբար պարեցին «Եարխուշտա»ն:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ