Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Ֆրանսայի Ծերակոյտին Կողմէ Պիտի Քննարկուի Հոկտեմբերի Սկիզբը

Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ պիտի քննարկուի Հոկտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին: Այս մասին, ըստ «Armenpress.am»-ի, տեղեկացուցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան` նշելով, որ նախնական տուեալներով նշուած է Հոկտեմբեր 7-ը։

«Ինչպէս գիտէք ամրան ընթացքին օրէնքի քուէարկութենէն ետք, ստեղծուած էր յատուկ յանձնախումբ, որ պէտք է ներկայացներ պատգամաւորներու առաջարկները: Եղան պատգամաւորներ, որոնք կը կարծէին, որ ընդհանուր օրէնքէն պէտք է բեկանուի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին դրոյթը, սակայն մենք աշխատանք տարինք, եւ հասանք այն բանին, որ Ծերակոյտի քննարկման ներկայացուի նաեւ այն տարբերակը, որ ամրան ընթացքին ընդունուած էր ստորին պալատին մէջ եւ կը ներառէր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը: Քաղաքական ուժերը ընդունեցին, որ այդ տարբերակը եւս ներկայացուի Ծերակոյտի քննարկման»,- ըսած է Մուրատ Փափազեան:

Ան յոյս յայտնած է, որ Ծերակոյտին կողմէ պիտի ընդունուի նախագիծին այն տարբերակը, որ անցած էր Ազգային ժողովին կողմէ, անցնող Յունիսին:

«Մենք կ՝աշխատինք, որ անհրաժեշտ թիւով պատգամաւորներ կողմ քուէարկեն նախագիծին: Գիտէք, որ թուրքերը անտարբեր չեն, անոնք նոյնպէս կ՝աշխատին, ամէն ինչ կ՝ընեն, որ այդ տարբերակը չանցնի: Պայքար կ՝ընթանայ»,- ըսած է ան:

Այն հարցին, թէ օրինագիծին հետ կապուած ինչ տրամադրութիւններ կան Ծերակոյտին մէջ, Մուրատ Փափազեան նշած է, որ դժուար է միանշանակ ըսել, սակայն յիշեցուցած է, որ ընկերվարականները խոստացած են կողմ քուէարկել:

Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատի` Ազգային ժողովի պատգամաւորները, Յուլիսին միաձայն կողմ քուէարկած են «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» կոչուող օրինագիծի փոփոխութիւններուն, որմով պատիժ կը սահմանուի մարդկութեան դէմ գործած բոլոր յանցագործութիւնները, ներառեալ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ հերքելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին