Սեպտեմբեր 27-ի լոյս 28-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 40 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 450 կրակոց:
Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերու ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ DShK տիպի խոշոր տրամաչափի գնդացիր /40 կրակոց/:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն` խիստ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: