Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը հրամանագիրներ ստորագրած է նախարարներ նշանակելու մասին: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Նախագահի հրամանագրով ՀՀ մշակոյթի նախարար նշանակուած է Արմէն Ամիրեանը, ՀՀ տնտեսութեան նախարար նշանակուած է Սուրէն Քարայեանը, ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար` Արտէմ Ասատրեանը, ՀՀ առողջապահութեան նախարար` Լեւոն Ալթունեանը, ՀՀ բնապահպանութեան նախարար` Արծուիկ Մինասեանը, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար` Արմէն Երիցեանը, ՀՀ արդարադատութեան նախարար` Արփինէ Յովհաննիսեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարար` Հրանուշ Յակոբեանը, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար` Դաւիթ Լոքեանը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար` Լեւոն Մկրտչեանը, ՀՀ մարմնակրթանքի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար` Հրաչեայ Ռոստոմեանը: Նախագահը քանի մը նախարարներու նշանակում կատարած էր 20 Սեպտեմբերի հրամանագիրներով: