*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
Թէեւ Հայկական Ցեղասպանութենէն դար մը անցաւ, սակայն այդ ահաւոր կրակին բոցը տակաւին կը մխայ մեր հոգիներուն մէջ, որովհետեւ ո՛չ միջազգային ճանաչում գտաւ եւ ոչ ալ արդար հատուցում ստացան վերապրողները . . .
Պէտք է ըսել, թէ գնահատանքի արժանի են այն բոլոր երկիրները, որոնք անտեսելով իրենց երկիրներուն գերադաս շահերը, ճանաչում շնորհեցին Հայկական Ցեղասպանութեան։ Նոյնպէս պէտք է արժանի կերպով գնահատել այն բոլոր թուրք մտաւորականները, որոնք արհամարելով իրենց անձինսպառնացող վտանգները, խոստովանեցան իրենց պապերուն գործած մեղքերը եւ ներում խնդրեցին վերապրողներէն։
Այդ մտաւորականներու շարքին կարելի է դասել՝ թուրք Քէմալ Եալչինը, Թաներ Աքչամը, Ֆէթհիյէ Չէթինը եւ Պոլսոյ Սապանչը համալսարանի Փրոֆէսոր Հալիլ Պէրքթայը։ Ասոնց կարգին կան նաեւ պետական երեսփոխաններ, քաղաքապետներ եւ հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնք ընդունելով դառն իրականութիւնը՝ կոչ կ’ուղղեն կառավարութեան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար։
Ճշմարտութիւնը ճանչցող այդ թուրքերը կ’ապրին ոչ թէ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլեւ՝ աշխարհի ողջ տարածքին։ Վերջերս հետաքրքրական դէպք մը պատահած է Լոս Անճելըսի մէջ, զորս կ’ուզեմ բաժնել ընթերցողներուն հետ։
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլէնտէյլ-Փասատինա Մասնաճիւղի մեր վարչական անդամներէն մին՝ կէսօրուան դադարի ժամանակ, ճաշի նստած է Քորիացի իր մէկ գործակիցին հետ։ Քորիացին հետեւեալը պատմած է իմ վարչական ընկերոջ.-
«Ընկերուհիիս (girlfriend) հետ ճաշարան գացած էինք ընթրիքի, երբ երկու պատանիներ ճաշարան մտան եւ սեղան առ սեղան երթալով ջանացին շոքոլայ ծախել։ Ամերիկայի մէջ ընդունուած սովորութիւն է, որ դպրոցական աշակերտներ եւ կամ արիներ ու արենուշներ, դպրոցական եւ կամ սկաուտական ձեռնարկի մը համար այս ձեւով դրամահաւաք կատարեն։
Երբ պատանիները քաջալերող չգտնուեցաւ, մեր քովի սեղանէն վաթսունամեայ մարդ մը զիրենք իր մօտ կանչեց եւ հինգ տոլար տուաւ անոնց։ Փոխարէնը՝ պատանին հինգ շոքոլայ տուաւ մարդուն, որ սակայն մերժեց։ Ան ըսաւ, որ ինծի ինկած բաժինը ընկերներով կերէք եւ անուշ ըլլայ։ Պատանիները չափէն աւելի ուրախացած՝ յանկարծ դուրս վազեցին ճաշարանէն։
Ապշած, մարդուն հարցուցի, թէ ինչո՞ւ շոքոլաները չառաւ։ Ան պատասխանեց հետեւեալ բացատրութիւնը տալով.-
-Ես թուրք եմ, իսկ այդ պատանիները՝ հայ։ Ուրեմն՝ համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին, մեր նախնիներուն գործած անմարդկային ոճիրը իրենց նախնիներուն հանդէպ՝ ինծի խղճի խայթ պատճառած է եւ ես կ’ուզեմ, որ այս պատանիները իրենց ծնողներուն նման անտէր-անտիրական չմեծնան . . .»:
Հիմա վստահաբար պիտի հարցնէք, թէ թուրքը ինչպէ՞ս գիտցաւ պատանիներուն հայ ըլլալը։ Հաւանաբար անոնց խօսակցութենէն կռահեց՝ եթէ հայ բարեկամներէ քանի մը հայերէն բառ սորված է եւ կամ անոնց արտաքին երեւոյթը մատնած էր զիրենք։ Ինչ որ է, ինծի գոհունակութիւն պատճառող երեւոյթը հետեւեալն է՝ թուրքը խոստովանեցաւ իր պապերուն գործած յանցանքը եւ քորիացին վերահասու դարձաւ հայոց ջարդին, որ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր։
Ի ձի՜ւ թէ այդ խղճի խայթը փոխանցիկ ըլլար եւ վարակէր թրքական պետութեան պաշտօնատարները, որոնք եւս ընդունէին հայոց ցեղասպանութիւնն ու արդար հատուցման մասին վերջապէս շիտակ որոշում առնէին։ Արդեօք մեր երազը պիտի իրականանա՞յ օր մը։