«Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեցին Լեհահայ ազգային գործիչներ՝ Տէր եւ Տիկ. Մաչէք եւ Մարթա Պօղոսեւիչները, որոնք այս օրերուն Լիբանան կը գտնուին: Իրենց կ’ընկերանար ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան ակումբի Գործադիր Մարմնի անդամ՝ թերթիս բարեկամ Տոքթ. Արտեմ Նաճարեանը:
Հանդիպումը առիթ մըն էր յարգելի հիւրերուն միջոցաւ ծանօթանալու Լեհահայ գաղութին, որ զարթօնքի շրջան մը կ’ապրի: Լեհահայ գաղութին աշխուժացման եւ հայկականութիւնը ապրելու այս շարժումին մէջ մեծ դեր ունին՝ իրենց ազգային պատկանելիութեամբ հպարտ՝ Տէր եւ Տիկ. Պօղոսեւիչները, իրենց հիմնած ու գլխաւորած Հայկական Հիմնադրամ հաստատութեան միջոցաւ:
Մեզի համար հետաքրքրական էր լսել Լեհահայ պատմութիւնը Տէր եւ Տիկ. Պօղոսեւիչներուն տեսանկիւնէն: Գաղութ մը, որ Հայկական սփիւռքի ամենահիներէն է, որ այսօր Հայրենիքէն ալ գաղթող մեր հայրենակիցներուն հետ հաշուած, ըստ մեր հիւրերուն՝ կը հաշուեն 40,000 հայ:
Ինչպէս պատմութեան ծանօթ է, Լեհահայ գաղութը ունեցած է մշակութային մեծ անցեալ, սկսեալ՝ 11-րդ դարէն: Հայեր նշանաւոր եղած են պետութեան մէջ իրենց ծառայութեամբ: Քիչ չէ թիւը Լեհական բանակի մէջ ատենին բարձրաստիճան դիրքեր գրաւած Հայ զօրավարներու, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Լեհական պատմութեան կերտումին մէջ:
Այսօր սակայն աշխարհագրական նոր տուեալներով, նախկին Լեհաստանի Հայկական թաղամասերն ու մշակութային կառոյցները եւ ժառանգութիւնները, կը գտնուին Ուքրանիոյ սահմաններէն ներս: Ծագումով Հայեր ընդհանրապէս կը բնակին Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիոյ մէջ, որոնք այսօր մեծամասնութեամբ առեւտուրով կը զբաղին, ինչպէս մեզի տեղեկացուցին մեր յարգելի հիւրերը:
«Հակառակ, որ կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներ ունինք, սակայն մեր նպատակը ամենօրեայ վարժարան մը ստեղծելն է, որուն համար ջանք չենք խնայեր»,-ըսաւ Պրն. Պօղոսեւիչ: Իր տիկնոջ՝ Տիկ. Մարթա Աղենթովիչի հետ (որ Լեհահայ մեծանուն գեղանկարիչի ընտանիքէ կը սերի) ունին շատ մը ծրագիրներ: «Մենք նոր սերունդին համար շուտով պիտի կազմակերպենք շրջապտոյտ մը, նախ՝ Ուքրանիա, ուր անոնք պիտի ծանօթանան իրենց նախահայրերուն ձգած մշակութային ժառանգութեան, ապա Հայաստան՝ անոնց անմիջականօրէն առընչելու Հայրենիքին հետ»,-տեղեկացուց Պրն. Պօղոսեւիչ:
Մեզի համար ուրախութիւն էր լսել ազգային ոգիով հարուստ մեր հիւրերուն ոգեւորութիւնը. լսել ինչ կը վերաբերի իրենց հաստատած առաքելութեան, որն է Հայկականութիւն ջամբել Լեհահայ նորահաս սերունդին: Նաեւ հպարտութիւն է լսել Լեհաստանի պատմութիւնը կերտած մեր հայրենակիցներուն մասին, որոնց նիւթով եւ ընդհանրապէս «Հայեր Լեհաստանի մէջ» թեմայով դասախօսութիւն մը պիտի ունենայ Պրն. Պօղոսեւիչ:
Արդարեւ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութիւնը կազմակերպած է «Հայեր Լեհաստանի Ծառայութեան Մէջ» նկարչական եւ դասախօսական ձեռնարկը՝ գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Լեհաստանի Դեսպանատան, այսօր՝ Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» Կեդրոնին մէջ , Անթիլիաս:
Վստահ ենք, որ Պրն. Պօղոսեւիչ հաճելի եւ եռանդով լեցուն խօսելու իր արուեստով բաւական շահեկան զեկոյց մը պիտի ներկայացնէ Լիբանանահայ մշակութասէր հանրութեան:
«Խմբ.»