Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Բագրատաշէնի Մաքսակէտին Վրայ 1,5 Թոն Թրքական եւ Վրացական Լոլիկ Յայտնաբերուած է

ՀՀ ԿԱ ՊԵԿ նախաբացթողումային հսկողութեան վարչութիւնը, Բագրատաշէնի, Պաւրայի եւ Մեղրիի մաքսակէտերուն վրայ, կանխած է մաքսային կանոններու խախտման շարք մը փորձեր: Մասնաւորապէս, վարչութեան աշխատակիցները Բագրատաշէնի մաքսակէտին վրայ քանի մը դէպքերով յայտնաբերած են շուրջ 1,5 թոն թրքական եւ վրացական ծագման լոլիկ: Այս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ ԿԱ ՊԵԿ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Մաքսանենգները համապատասխան ձեւակերպումներէ խուսափելու նպատակով` ապրանքը թաքցուցած են բեռնատար մեքենաներու բեռնախցիկներուն մէջ, յատուկ պատրաստուած թաքստոցներու մէջ:

Վարչութեան աշխատակիցները կանխած են նաեւ անօրինական ճանապարհով շուրջ 600 քկ մաքրող միջոցներու եւ 200 լիթր մեքենայի իւղի ներկրման փորձեր:

ՆՀՎ վարչութիւնը բացայայտած է չյայտարարագրուած շարք մը ապրանքներ եւս, ինչպէս` կենցաղային իրեր, ելեկտրական սարքեր, սննդամթերք, զարդեր եւ այլն: Եղած են նաեւ ապրանքներու թերյայտարարագրման, մաքսային ապահովման միջոցի վնասման եւ մաքսային կանոններու խախտման փորձեր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին