«Արդարադատութեան համակարգին մէջ իմ տեսլականի մասին բազմաթիւ անգամ առիթ ունեցեր եմ ըսելու: Փոփոխութիւնները կ’ըլլան նաեւ կառավարութեան ծրագրին համահունչ, որ կը ներկայացուի յառաջիկային»,- Ազգային Ժողովի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարեց արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանը:
Ինչպէս յիշեցինք, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը ստորագրած է արդարադատութեան նախարարի պաշտօնին Ա. Յովհաննիսեանի վերանշանակման հրամանագիրը: Թէ ի՞նչ նոր առաջադրանքներ ստացաւ նոր Վարչապետէն, Ա. Յովհաննիսեանը նշեց, որ այդ մասին կը տեղեկացնէ կառավարութեան նոր ծրագիրի հաստատումէն ետք: Անդրադառնալով սպասուող համաներմանը` նախարարը յայտարարեց, որ ինք այդ մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի: