Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Էշը Առաջնորդ Ոչխարն Ու Հօտը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Շատ հաւանաբար սիրելի ընթերցող,  բնութեան մէջ հանդիպած ես ոչխարներու հօտի: Խումբին մէջ միշտ ոչխար մը կ՛ըլլայ, որ աչքի կը զարնէ իր չափով եւ զարդարանքով, որ հօտին առաջնորդի դեր ալ կը կատարէ:

Այդ ոչխարը պատահական ոչխար մը չէ անշուշտ: Ան հովիւին կողմէ ընտրուած կ՛ըլլայ: Երբ ծնի, իր մօրմէն անչատուելով հովիւին էգ իշուն խնամքին կը յանձնուի: Հօտին հետ պտըտող էշին կաթով կը սնանի այդ յատուկ ոչխարը, միշտ կարծելով, որ էշն է իր մայրը…:

Երբ մեծնայ անոր բուրդը բնաւ չեն խուզեր, որպէսզի պատկառելի չափ եւ տեսք ունենայ ան: Կոտոշներն ալ կաճին եւ ան կ՛ունենայ «յարգանք»ի արժանի տեսք…:

Անոր վիզին զանգակներ ու բոժոժներ կը կախեն, ինչպէս նաեւ՝ պոնճուխներ (կեղծ հլուններ)…:

Երբ այս ոչխարը քալէ, իր ետեւէն կը քալեն ոչխարներու ամբողջ խումբը, միշտ հաւատալով, որ ան է հօտին առաջնորդը… առաջնորդ պատկառելի ոչխարը չի քալեր մինչեւ էշը չքալէ…. Չի ալ շրջանցեր անոր ինչպէս, որ հօտը չի շրջանցեր մեր առաջնորդ ոչխարը…:

Ու այսպէս՝ ոչխարներ իրենց առաջնորդին ետին, առաջնորդն ալ իշուն ետին արտերն ի վեր կը քալեն…:

Այսօրուան համար ալ այսքան սիրելի ընթերցող…:

Վաղը դարձեալ կը տեսնուինք:

 

Յ.Գ. Եթէ յանկարծ վերի գրութիւնս նպատակի առնուի կամ ոմանք ինքզինքնին անոր հերոսներուն նմանցնեն, մեղաւորը անշուշտ ես չեմ…:

Վստահ եմ ինչպէս բնութեան մէջ, նոյնպէս մեր ազգին ու մեր ապրած երկրին ղեկավարներուն մէջ նմանողները կան: Մենք ուշադիր ըլլանք, որ ոչխարներու նշուած հօտին չնմանինք…:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին