Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«Հրանդ Տինք» Միջազգային Մրցանակը Գտաւ Իր Տէրերը

«Հրանդ Տինք» միջազգային 8-­րդ ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը Սեպտեմբեր 22-­ին տեղի ունեցաւ Պոլսոյ «Լիւթվի Քըրտար» կեդրոնին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրէս»-­ը, այս տարի մրցանակներու արժանացած են Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու համար պայքարի խորհրդանիշներէն մէկը համարուող Տիարպեքիրի փաստաբաններու միութիւնը եւ Մալաւիէն հասարակական գործիչ Թերեզա Կաչիդամոտոն, որ կը պայքարի երեխաներու կրթութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար:

Տիարպեքիրի փաստաբաններու միութեան նախկին նախագահը Թահիր Էլչինն էր, որ Սուր գաւառին մէջ տեւական բախումներու ժամանակ կը պայքարէր պատմական ժառանգութեան պահպանման համար: Այդ նպատակով կազմակերպուած բացօթեայ մամուլի ասուլիսի ժամանակ էր, որ զայն 2015 թուականի Նոյեմբեր 28-­ին փողոցին մէջ սպաննեցին: Մրցանակը միութեան կողմէ ստացած է փոխնախագահ Ահմետ Օզմենը: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ խնդիրները հնարաւոր է լուծել միայն հասարակութեան տարբեր հատուածներու միաւորման, ժողովրդավարութեան շուրջ համախմբման ճանապարհով:

«Թահիր Էլչիի եւ Հրանդ Տինքի` մեզի աւանդած ժառանգութիւնը այսօր պահպանելն ու զարգացնելը ամենահիմնաւոր պարտականութիւնն ու պատմական պատասխանատուութիւնն է մեզի համար: Ասոր միակ ճանապարհը խաղաղութիւն ցանկանալը եւ անոր հաստատման նպատակով մեր ձայնը բարձրացնելն է»,-­ նշած է Օզմենը:

Միւս մրցանակակիրը` Թերեզա Կաչիդամոտոն, Մալաւիի մէջ երկար տարիներ հանդէս եկած է աղջիկ երեխաներու բռնի ամուսնութեան դէմ, պաշտպանած է անոնց կրթութիւն ստանալու իրաւունքները: Ան ստեղծած է հիմնադրամ մը, որ կը վճարէ աղքատ ընտանիքներու աղջիկներու կրթութեան համար: Մրցանակը ստանալու ատեն ան նշած է. «Ես կը հպարտանամ այն ամէնով, ինչին հասած ենք, սակայն դեռ երկար ճանապարհ ունինք անցնելու: Երախտապարտ եմ բոլոր անոնց, որոնք այս ճանապարհը անցած են ինծի հետ: Յուսով եմ, որ աւելի շատ մարդիկ ինծի հետ ձեռք ձեռքի, ուս ուսի կը պայքարին Մալաւիի մէջ աղջիկ երեխաներու իրաւունքներուն համար»:

«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակը ամէն տարի կը յանձնուի մէկ մարդու եւ մէկ կազմակերպութեան, որոնք Թուրքիոյ մէջ կամ երկրէն դուրս կը պայքարին խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ եւ բռնութենէ զերծ աշխարհի մը համար, սեփական իտէալներու համար պատրաստ են վտանգի երթալու, կ’օգտագործեն խաղաղութեան լեզուն եւ այդպիսով կը խրախուսեն եւ կ’ոգեշնչեն միւսները:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին