ՌամկավարԱզատականԿուսակցութեանԿեդրոնականՎարչութեան ատենապետ ընկերՍերխիոյ Նահապետեան ՀՀ Անկախութեան տարեդարձի առթիւ Երեւան կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՌԱԿ-ի «Միրաք» Պատանեկան – Ուսանողական-Շարժումի պատասխանատու յանձնախումբի եւ աւագ անդամներուն հետ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւՌԱԿ ԿեդրոնականՎարչութեան անդամ Ընկհի. Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը:
Միրաքի յանձնախումի ատենապետ՝ընկերԱլեքսանԳարատանայեան Ընկ. Ատենապետին ներկայացուց «Միրաք»ի եռամսեայ գործունէութիւնը եւ ապագայ ծրագիրները: Ընկ. Սերխիոյ Նահպետեան մեծապէս գնահատելով տարուած աշխատանքը, հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց յանձնախումբի աշխատանքին յաջողութեան սատարող անհրաժեշտ կարիքներուն շուրջ խոստանալով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութենէն ներս զանոնք բաւարարելու ուղղութեանբ աշխատանք տանելու համար:
ՌԱԿ-ի Ատենապետ ընկ. Սերխիոյ Նահապետեանի ՌԱԿ Միրաքի հետ հանդիպումը մեծապէս ոգեւորեց յանձնախումբի անդամները, ամրապնդեց անոնց ուժն ու կորովը՝ իրենց վստահուած կարեւոր աշխատանքը լաւագոյն ձեւով շարունակելու համար:
ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ