Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ կազմակերպուած զօրահանդէսին՝ հեռահար պալիսթիք հրթիռներու կայանքներուն ցուցադրութիւնը՝ բացի Ազրպէյճանէն, անհանգստացուցած է նաեւ Թուրքիան:
Ըստ «News.am»-ի՝ թրքական մամուլի մէջ անդրադարձած են զօրահանդէսի ժամանակ ցուցադրուած «իսքանտեր» հեռահար հրթիռներուն` նշելով, որ անոնք կը սպառնան տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու:
Թրքական «DunyaBulteni» կայքը գրած է, թէ Հայաստանի զինանոցին մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենաազդու հրթիռային համակարգերէն համարուող «իսքանտեր»ը, որ կրնայ խոցել մինչեւ Թուրքիոյ կեդրոնական մասը գտնուող Սվազ քաղաքը:
Կայքը նաեւ նշած է, թէ Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ հերթապահութեան կանգնած են նաեւ Թուրքիոյ սպառնացող S-300 համալիրներ: