*ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ*
Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի « Ասեմպլի Հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկեան համալսարանի «Սերունդներու պատմական աւանդ» յատուկ հանդիսութիւնը՝ համալսարանի հիմնադրութեան 150-ամեակին առթիւ:
Համալսարանի նախագահ դոկտ. Ֆատլօ Խուրի, շրջանաւարտներուն յղած իր ուղերձին մէջ ընդգծեց, թէ տարածաշրջանը (Միջին Արեւելք) եւ անոր խնդիրները պէտք ունին լուծումներու եւ անհրաժեշտ է, որպէս Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներ, իրենց բաժինը ունենան:
Հանդիսութեան ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւեց յատկանշական երեւոյթ մը:
Աւելի քան մէկ դար երկարող ժամանակաշրջանին, բազմահարիւր հայ ազգանուններու կը հանդիպինք Ամերիկեան համալսարանէն վկայուած հունձքերուն մէջ: Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներու «Սերունդներու պատմական աւանդ»ին մէջ իւրայատուկ աւանդութիւն մը հաստատած է հանրածանօթ Ճեպեճեան գերդաստանը: Չորս սերունդներու վրայ երկարող ճանապարհ մը՝ սկսելով Այնթապէն մինչեւ Հալէպ, Լիբանան, Կիպրոս եւ այլուր: Մէկ խօսքով՝ չորս շրջանաւարտ: Նման հպարտառիթ իրողութիւն մը դժուար թէ կրկնուէր Սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ: Բնականաբար ողջունելի պիտի ըլլային բոլորը:
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (AUB), աւելի քան մէկ դար, ոչ միայն ակադեմական կրթութիւն եւ վերապատրաստման միջոցներ հայթայթած է Ճեպեճեան գերդաստանին,այլեւ՝
ներշնչած է ծառայելու Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կիպրոսի համայնքներուն մէջ ազգային, չափանիշներու եւ արժէքներու պահպանութեան:
Այնթապի երեւելի Ճեպեճեան ընտանիքը արժանաւոր զաւակներ տուած է հայ ժողովուրդին: Դոկտ. Հրայր Ճեպեճեան եղած է տօքթ. Աւետիս Ճեպեճեանի թոռնիկը, որ 1915-ի ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի ալիքներուն տակ հասած է Հալէպ: Հօրեղբայրը՝տօքթ. Ռոպէր Ճեպեճեան, եղած է Հալէպահայ նշանաւոր ակնաբուժ եւ մտաւորական տօքթ. Ռոպէր Ճեպեճեանին:
Կարելի է միայն յարգանք տածել Սփիւռքահայ համայնքներու մէջ Ճեպեճեան գերդաստանի ազգային, հայրենասիրական ծառայութիւններուն, որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուելով հասած են մեր օրերը եւ պիտի շարունակուին ապագային:
Երկար է Ճեպեճեան ընտանիքի երախտաւորներուն շառաւիղը: Վերադառնանք այդ գերդաստանի Ամերիկեան համալսարանի հունձքին:
Տօքթ. Աւետիս Ճեպեճեան – Ծնած է Այնթապ, Թուրքիա: 1902-ին կը վկայուի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժանմունքէն: Աւետիս Ճեպեճեան մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, հալէպահայ համայնքին ազգային-եկեղեցական կեանքի կազմակերպման աշխատանքներուն :
Վահէ Աւետիս Ճեպեճեան- 1938-ին աւարտած է Ամերիկեան համալսարանի դեղագիտական կաճառը: Ուսողութեան եւ բնագիտութեան հանճար – մասնագէտ: Յատուկ սէր ունեցած է երաժշտութեան հանդէպ: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Ամերիկեան համալսարանի ճազային երաժշտական խումբի կազմութեան աշխատանքներուն մէջ: Նուագած է սաքսոֆոն: Անոր նպաստը եւ մասնակցութիւնը մեծ եղած է լիբանանահայ երաժշտական եւ գեղարուեստական կեանքին մէջ։
Դոկտ. Հրայր Վահէ Աւետիս Ճեպեճեան – 1984 թ. Մագիստրոսի աստիճան ստացած է երկրագործական տնտեսագիտութեան մէջ Ամերիկեան համալսարանէն։
Իր Դոկտորական աստիճանը ստացած է Նիւ Եորքի
Աստուածաբանական համալսարանէն, 2014-ին՝ Աստուածաշունչի Յանձնառութեան մէջ։ Երկար ժամանակէ կը վարէ Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը: Գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, դասախօս, հրապարակագիր, ազգային-եկեղեցական գործիչ: 2014-ին, Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Մայրենի Դեսպան» շքանշանով:
Դոկտ. Արտա Ճեպեճեան, Հրայրի կողակիցը, 1999 թուին Ամերիկեան համալսարանէն ստացած է անգլիական գրականութեան մասնագիտութեամբ Մագիստրոսի վկայական: 2007-ին, Լեսթըրի Համալսարանին մէջ (Անգլիա) կատարած է դոկտորական պաշտպանութիւն, մասնագիտական նիւթ ընդունելով կիրառական լեզուաբանութիւնը:
22 գիրքերու հեղինակ եւ խմբագիր: Բազմաթիւ գիտական գիրքերու հեղինակ: Ներկայիս, Քուէյթի Միջին Արեւելքի Ամերիկեան Համալսարանի անգլերէնի բաժնին մէջ կը վարէ օգնական փրոֆեսորի եւ համակարգողի պաշտօն:
Ալիք Հրայր Վահէ Աւետիս Ճեպեճեան- Ճեպեճեան մեծատոհմի նորագոյն ծիլերէն: Կ’ակնկալուի, որ Ամերիկեան համալսարանէն 2017-ին վկայուի ձեռներէցութեան առեւտուրի Պսակաւոր Արուեստից բաժինէն։
Ալիք մաս կը կազմէ Ամերիկեան համալսարանի ուսանողական « Outlook» պարբերաթերթի խմբագրութեան: Ալիք կը նուագէ սրինգ- Ֆլիւթ: Հինգ տարի շարունակ եղած է Կիպրոսի Երիտասարդական Սիմֆոնիկ նուագախումբի մենակատարը: