Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Վահան Թէքէեան Վարժարանի 65 ամեայ Առաջին Զանգը Հնչեց

Սեպտեմբերը՝  առհասարակ հայերուս համար մեծ խորհուրդ ունի, քանի որ անով կը բացուի դպրութեան արշալոյսը։ Իւրաքանչիւրիս հոգիին մէջ կը բոցավառուի անմեկնելի զգացողութիւն մը։ Այդ զգացումով կ’ազդարարուի իմացութեան անեզր բարձունքներ նուաճելու նոր սկիզբ մը։

DSC05840

Սեպտեմբերը՝  ուսումնական տարեմուտ է, որուն միջոցով առանձնակի շուք կը ստանայ, կը դառնայ անմոռաց տօն մը։ Ժպիտներ։ Մաղթանքներու անվերջ շղթայ մը։ Բարձր տրամադրութիւն։ Գիտակցումը այն բանին, որ ժողովուրդի գոյութեան համար պայման է խոր գիտելիքի ամբարումը։ Որքան կրթուած ըլլայ հասարակութիւնը, այնքան լայն կ’ըլլայ կեանքը կազմակերպելու, բարեկեցութիւնը ապահովելու, սեփական մշակոյթը պահպանելու և զարգացնելու հնարաւորութիւնները։ Հայ կրթօճախները այս գաղափարներով  սերմնացանի պէս կը շաղախեն մանուկներու հոգիներուն մէջ, դառնալով լուսաւոր ուղեցոյց անոնց կեանքի երթին։

Դպրութեան օրը՝ անասելի խնդութեամբ կը լեցուի ոչ միայն սաներուն, այլև ուսուցիչներուն հոգիները, որոնք հաւատարիմ մնալով իրենց կոչումին՝  ազգային ոգի և հայրենի սրբազան արժէքներ կը ջամբեն, աշակերտութեան մէջ  սերմանելով ազնուութեան, աշխատասիրութեան, հայրենասիրութեան ու բարութեան ազնիւ հունտեր։

65 ամեայ Լիբանանի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Դպրոցական առաջին զանգը հնչեց Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ուր իր յարկին տակ համախմբելով վաղեմի եւ նորեկ աշակերտները, ազդարարուեցաւ գիտութեան նոր տարեշրջանի մը սկիզբը:

Բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 25 ամեակի նշումը՝ ելլելով այն ոգեւորութենէն, որ  տեղի ունեցաւ 21 Սեպտեմբեր 2016- ին Հայրենիքին մէջ անկախութեան 25 ամեակի զինուորական շքեղ տողանցքին եւ տօնակատարութիւններուն, ուր  վարժարանիս հայրենագիտական նիւթերու ուսուցիչ Պր. Աւետիս Տիպան աշակերտներուն փոխանցեց հայրենիքի անկախութեան 25 ամեայ խորհուրդը, ապա հորդորեց հաւատարիմ մնալ երիտասարդ հայրենիքի գաղափարի վեհ սկզբունքներուն՝ ըլլալով հայրէնասէր, ազգասէր եւ ուսման մէջ յաջողակ, ապա ուրախ տրամադրութեամբ աշակերտները երկինք թռցուցին եռագոյն փուչիկներ: Որմէ ետք տեղի ունեցաւ  դրօշակի արարողութիւնը՝ Լիբանանի, Հայաստանի ու Վարժարանի օրհներգներու երգեցողութեան ներքոյ:

Արարողութենէն ետք, աշակերտները դասարանային խմբանկարներ ունեցան, ապա բարձրացան վարժարանիս հանդիսասրահը, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը   համադրութեամբ վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցիչ՝ Պր. Երուանդ  Քէշիշեանին, որուն ընթացքին դաշնամուրի վրայ ելոյթ  ունեցաւ  աշակերուհի՝ Ռիթա Մարտիրոսեան (Նախ. Ե) նուագելով «Labeille» երաժշտական հատուածը, ապա Ալին Գէորգեան (Նախ. Դ)արտասանեց Գուրգէն Ստամպոլեանի « Ա՝խ Այս Ամառ» բանաստեղծութիւնը: Աշակերտուհի Վարդի Սալխանեան ( Միջն Բ.)  մեներգեց   Ե. Չարենցէն «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի »-ն, որմէ ետք Միջն Գ. դասարանի աշակերտները խմբային արտասանութեամբ մեկնաբանեցին Վ. Թէքէեանի «Հայաստանին» բանաստեղծութիւնը:

DSC05910

Գեղարուեստական յայտագրէն ետք վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի՝ Տիկ.  Կալինա  Նաճարեանը աշակերտութեան եւ ողջ անձնակազմին բարի եւ ուրախ վերամուտ  մաղթելէ ետք  ըսաւ, թէ կրթական  այս  տարեշրջանը պիտի ըլլայ վարժարանինհամար  նոր հանգրուան մը՝ նայելու եւ ծրագրելու մեր աշխատանքները՝ կրթական ու շինարարական ծիրեն ներս, որպէսզի 65 ամեայ պանծալի պատմութիւն ունեցող Վահան Թէքէեան Վարժարանը հաստատուն քայլերով սլանայ դէպի նորանոր ամեակներ: Ապա խօսքը  շարունակելով ըսաւ, թէ  այս կրթական տարեշրջանը պիտի ըլլայ նոր հանգրուան մը նաեւ՝ նայելու եւ ծրագրելու աշխատանքները վարժարանիս 65 ամեակէն անդին: Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց աշակերտութեան, որ ազգային-պահանջատիրական ոգիով շարունակեն անաղարտ պահել մայրենին, որ ինքնութեան հիմնական գրաւականն է ու արձանագրած փայլուն արդիւնքներով ըլլան արժանաւորները այս սիրելի կրթօճախին եւ ապագային նպաստեն անոր գոյատեւման, որովհետեւ հայ դպրոցն է միայն, որ անփոխարինելի դերակատարութիւն կ’ունենայ հայ աշակերտին հայու ոգի ներշնչելու եւ անոր հայապահպանման ու հայակերտման աշխատանքներուն նպաստելու մէջ:

Յարգելի Տնօրէնուհին յետադարձ ակնարկ մը նետելով անցնող տարիներուն ըսաւ, թէ նիւթական դժուարութիւնները երբեք պատրուակ չեղան ապահովելու համար նոր նուաճումներ վարժարանին համար: Հետեւաբար, իր եւ աշակերտութեան անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անհատ բարերարներուն, անձնուիրութեամբ գործող ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ հիմնադիրներու մարմինին, հոգաբարձութեան, ուսուցչակազմին,ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն ու սանուց միութեան, որոնք աչքի լոյսի պէս կը պահպանեն վարժարանին գոյատեւումն ու բարձր վերելքը:

DSC05913

Տնօրէնուհիին  խօսքէն  ետքաշակերտները խրոխտ եւ ուրախ քայլերով իրենց  ուսուցիչներուն  առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դասարանները, եւ  Վահան  Թէքէեանի  շունչով  ու  ոգիով  թրծուած՝սկսան  իրենց  նոր  տարեշրջանը:

Յաջորդ օրը՝ Ուրբաթ,  23 Սեպտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ վարժարանիս մանկապարտէզի վերամուտը, ուր սիրելի ծնողներն ու աշակերտները հաւաքուած էին վերամուտը խորհրդանշող զարդարուն բակին մէջ:

Բացման խօսքով փոխ-մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Շաքէ Տօնպուրեան բարի վերամուտի մաղթանքը կատարելէ ետք , ծնողներուն յայտնեց, թէ վարժարանս այս տարի հասած է իր 65 պանծալի ամեակին եւ աշխատանքներ կը տարուին անոր բարագաւաճումը շարունակաբար պահելու համար:

Նաեւ ուրախութեամբ յայտարարուեցաւ, թէ այս տարի վարժարանին կը միանայ նախկին շրաջանաւարտ, մասնագէտ մանկավարժ՝ Օրդ. Թալին Աւագեան, որպէս ակադէմական խորհրդատու եւ համակարգող (academic consultant and coordinator) մանկապարտէզի մէջ, հաւատալով թէ ծառի մը ամրութիւնը ու կենսունակ աճը կը կայանայ իր խորունկ արմատներէն, կեդրոնանալով մանկապարտէզի աշակերտներու նախապատրաստութեան մէջ, ուր արդէն իսկ դասարանները բաժնուած էին խաղային այլազան անկիւններու՝ ստեղծելով յատուկ ուսուցման կեդրոններ (learning centers):

Ներկայութիւնը ստուգելէ ու իւրաքանչիւր դաստիարակչուհի իր աշակերտները ստանձնելէ ետք, տեղի ունեցան խաղեր՝ առաջնորդութեամբ ծաղրածուին, որ արդէն առաւօտ կանուխէն կ’ընդունէր աշակերտները: Ապա ժամը 10:30-ին հնչեց առաջին զանգը, որմէ ետք աշակերտները դասարան բարձրացան շարունակելու համար դասարանային առօրեայ ծրագիրները:

Նախքան արձակուիլը, տեղի ունեցաւ խմբային նկարահանում, ապա բաժնուեցան՝ փուչիկներ, ձեռայիններ եւ նուէրներ:

Թող վերամուտի ուրախ ու հայրենաշունչ ոգին թեւածէ բոլոր ուսումնատենչ եւ հայրենասէր աշակերտներուն ու ծնողներուն հոգիներուն մէջ՝ հպարտ զգալով հայ պատկանելիութեան ու ազգային բարձր ոգիին համար:

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին