Շաբաթ, 19. 07. 2025

spot_img

Հետաքրքրական Է Գիտնալ Ո՞վ Է Ներածողը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Նկատի ունեցած ես սիրելի ընթերցող, որ Լիբանանի աղբի տագնապին մէջ հետաքրքրական երեւոյթ մը կայ… Ճերմակ տոպրակները:

Այս տոպրակներուն մէջն է, որ կը լեցուին մեր փողոցներուն մէջ կուտակուած աղբերը, որոնց մէջ նոյն փողոցներուն վրայ անոնց  ամբարումը՝ էսթէթիք դեր ալ ունի երեւի…

Ինծի համար շատ հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ո՞վ է անոնց ներածողը…:

Չարամտութիւն կամ դաւադրութեան տեսութի՞ւն կ՛ըլլայ արդեօք եթէ մտածեմ, թէ զայն ներածելու մենաշնորհը վայելող կողմ մը կայ, որուն համար շատ ձեռընտու է աղբերու տագնապը… ինչու չէ, թերեւս ան դեր ալ ունի տագնապին աւելի եւս երկարաձգումին մէջ…:

Բարձրաձայն մտածում մը, որ այսօր քեզի հետ ուզեցի բաժնել սիրելի ընթերցող:

Վերջը լաւ կ՛ըլլայ…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին