Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Ընկ. Վարդան Կիրակոսեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առթիւ

*ԿԱՐՕ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ*

Ինչ դառն է այս կեանքը, յատկապէս երբ մարդ իր ասպարէզին միջոցով կեանքը կ’անցնէ նուիրումով ու զոհողութեամբ՝ իր շրջապատին, առանց ակնկալելու գնահատական խօսքեր:

Ճակատագիրի պաղ կատակին պատճառով է, որ մէկ տարի առաջ մեզմէ հեռացաւ Վարդանը:

Այո, տարի մը առաջ էր, որ արկած մը մեզմէ խլեց ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակին կողմէ սիրուած, ժպտադէմ եւ ծառայասէր Ընկ. Վարդանը:

Վարդանին մահուան լուրը խոր ցաւ էր բոլոր զինք ճանչցողներուն համար, որովհետեւ ան հեզ ու քաղցր ժպիտով կը կատարէր իր պարտականութիւնները:

Անոր կորուստը մեծ ցաւ ու կսկիծ պատճառեց, յատկապէս անձիս, որովհետեւ վերջին տարիներուն նոյն յարկին տակ՝Թէքէեան կեդրոնէն ներս կը գործէինք:

Իր պաշտելի կուսակցութեան՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Թէքէեան կեդրոնի պահապան հրեշտակն էր, որպէս պատասխանատու ընդհանուր նորոգութիւններու, եւ ոչ մէկ ճիգ խնայած էր, լաւագոյն ձեւով կատարելու իրեն վստահուած պարտականութիւնները:

Սիրելի Վարդան, ճիշդ է որ անցած է մէկ տարի եւ դուն բացակայ ես, բացակայ՝ ֆիզիքապէս, սակայն անձնապէս ինծի համար միշտ ներկայ ես հոգիովդ, արժանիքներովդ, կատակներովդ, անկեղծութեամբդ, ծառայասիրութեամբդ ու յատկապէս ընկերասիրութեամբդ:

Իբրեւ կուսակցական ընկեր՝ յիշատակներովդ,  ապրումներովդ, ուրախալի պահերովդ հարստացուցիր ընտանիքդ, շրջապատդ, բայց յատկապէս զիս:

Վարդան Կիրակոսեանին շարքային ընկերի տիպարը եւ ժպիտով լեցուն դիմագիծը անջնջելի պիտի պահեն իր յիշատակը:

Յարգանք սիրելի Վարդան քու անմոռաց յիշատակիդ, հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին