Կառավարութեան կազմին մէջ տեղի կ’ունենան շարք մը կառուցուածքային փոփոխութիւններ: Մասնաւորապէս, կառավարութեան կազմին մէջ այլեւս պիտի չըլլայ Քաղաքաշինութեան նախարարութիւն: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` նախագիծը ներկայացնելով գործադիրի նիստին` կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան նշած է, որ փոփոխութիւնները տեղի կ’ունենան կառավարութեան բարեփոխութեան ծիրէն ներս, շարք մը նախարարութիւններ կրեցին փոփոխութիւններ եւ վերանուանուեցան:
Քաղաքաշինութեան նախարարութեան փոխարէն այսուհետեւ պիտի գործէ կոմիտէ, որ կը կոչուի Ճարտարապետութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան կոմիտէ: Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը վերանուանուեցաւ` ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութիւն: Տնտեսութեան նախարարութիւնը վերանուանուեցաւ` Ներդրումներու եւ ձեռնարկատիրութիւններու աջակցութեան նախարարութիւն: Երթեւեկութեան եւ կապի նախարարութիւնը վերանուանուեցաւ` Երթեւեկութեան, կապի եւ տեղեկատուական արուեստագիտութիւններու նախարարութիւն:
Դաւիթ Յարութիւնեան տեղեկացուցած է, որ փոփոխութիւններու ծիրէն ներս զբօսաշրջութեան վարչութիւնը դուրս կու գայ Տնտեսութեան նախարարութեան կազմէն եւ կը ստեղծուի համապատասխան կոմիտէ: Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէն Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ենթակայութենէն կ’անցնի Ուժանիւթի նախարարութեան, իսկ Օդային փոխադրութեան վարչութիւնը միացուեցաւ Երթեւեկութեան եւ կապի նախարարութեան: