ՀՀ անկախութեան 25-րդ տարեդարձին օրը` Սեպտեմբեր 21-ին, Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովի նիստը նախագահած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալպանտեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի նախագահութեամբ կայացած նիստին՝ ելոյթներով հանդէս եկած են շարք մը երկիրներու ղեկավարներ: