Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Երկու Նոր Նամականիշ` Նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 25-ամեակին

«Հայփոսթ Թրասթ Մենեճմընթ» ՓԲԸ-ը այսօր շրջանառութեան մէջ  դրած է երկու նամականիշ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:

«Հայփոսթ» ՓԲԸ-ի մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ մարման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է ՀՀ Նախագահի նստավայրին մէջ: Մարումը իրականացուցած է  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նամականիշերը ունին 200 եւ 300 ՀՀ դրամ անուանական արժէք, տպուած են Ֆրանսա` «Կարտոր» տպարանին մէջ:

200 դրամ անուանական արժէքով նամականիշին վրայ պատկերուած են «25-ամեակ» եւ «Անկախութիւն» արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծածանուող եռագոյն դրօշը կապոյտ երկինքի խորապատկերին` խորհրդանշելով երկրի 25-ամեայ անկախութիւնը եւ պետականութիւնը:

300 դրամ անուանական արժէքով նամականիշին վրայ պատկերուած է «25-ամեակ» արձանագրութիւնը, որ կազմուած է Երեւան քաղաքի պատկերներու քոլլաժի տեսքով` ցոյց տալով նորանկախ պետութեան զարգացումը այս 25 տարիներուն ընթացքին:

Նամականիշերու ձեւաւորման հեղինակներն են «Հայփոսթ Թրասթ Մենեճմընթ» ՓԲԸ կառավարող տնօրէն Խուան Փապլօ Կեչիճեան եւ «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի ձեւաւորողներ Վահագն Մկրտչեան եւ Դաւիթ Տովլաթեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին