Արմուինկզ (ArmWings) սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնը եւ Պրասըլզ Էյրլայնզ (Brussels Airlines) օդանաւային ընկերութիւնը պայմանագիր ստորագրեցին՝ Պրիւքսել-Երեւան-Պրիւքսել ուղիղ չուերթի համար:
Հաշուի առնելով տուեալ տարածաշրջանին մէջ ուղիղ չուերթի անհրաժեշտութիւնը` Արմուինկզը նախաձեռնութիւն վերցուց իրականացնելու չուերթը, իբրեւ կատարող ընտրելով տուեալ օդանաւային ընկերութիւնը, առաջնային համարելով թէ՛ իր եւ թէ՛ ուղեւորներու պահանջները:
Առաջին չուերթը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 10-ին: Պրիւքսելը պիտի կրէ նաեւ տարանցիկ (transit) գործառոյթ ու պիտի ապահովէ Հայաստանի ճամբորդներու կապը այլ երկիրներու հետ:
Ի գիտութիւն ուղեւորներու եւ զբօսաշրջային ընկերութիւններու` Արմուինկզը պիտի վարէ թափանցիկ գնային քաղաքականութիւն. տոմսերը հնարաւոր պիտի ըլլայ ձեռք բերել թէ՛ Արմուինկզի պաշտօնական կայքէն, որ շուտով հասանելի պիտի ըլլայ բոլորին, թէ՛ ալ օդանաւային տոմսերու ամրագրման բոլոր համակարգերու միջոցով: Տոմսերու գիները պիտի ըլլան դասակարգուած, իւրաքանչիւրը իր մէջ պիտի պարունակէ յաւելեալ ծառայութիւններ եւ պայմաններ, որոնց մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին վաճառքի մեկնարկը յայտարարելէ ետք: