«Էլեմընթ» երաժշտական խումբի մղիչ ուժը հանդիսացող Արա Տապանճեան, որ 2010ին Վահէ Կարապետեանի հետ հրապարակած էր գլխաւորաբար Կոմիտասի եւ Սայեաթ Նովայի երգերուն նուիրուած «Աշխարհումս» ալպոմը, վերջերս Արէն Էմիրզեանի (Էմիրզէ) հետ համագործակցաբար՝ պատրաստած է «Փափաք» ալպոմը, որուն մէջ կան Վահան Թէքէեանի, Մաթէոս Զարիֆեանի, Միսաք Մեծարենցի, Ռուբէն Որբերեանի, Զարուհի Պէրպէրեանի եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններով ու Արէնի եւ Արայի յօրինած երաժշտութեամբ երգեր։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
«Փափաք»-ի նախաբանին մէջ Վահէ Պէրպէրեան հետեւեալը գրած է.
Բառին իսկական իմաստով՝ համագործակցութեան մը արդիւնքն է այս աշխատանքը, որ ունի խորհրդաւոր երես մը. երկու ընկերներու՝ Արէնի եւ Արայի գործակցութիւնը, երրորդ ընկերոջ մը՝ Բարսեղ Թոփճեանի հոգիին հետ, որուն սէրը հայ մշակոյթին եւ յատկապէս հայ երաժշտութեան հանդէպ ներշնչումի աղբիւր եղաւ այս երգացանկին:
Հունտը ցանուեցաւ, երբ Արէն Էմիրզէն ու Բարսեղը որոշեցին երաժշտութիւն յօրինել՝ առաւելաբար 20րդ դարու սկիզբը արեւմտահայերէնով գրուած շարք մը բանաստեղծութիւններու հիմամբ: Շրջանակը ամբողջացաւ եւ հունտը ծիլ արձակեց, երբ իրենց միացաւ ուրիշ ընկեր մը՝ Արա Տապանճեան: Բարսեղին անժամանակ մահը ցնցեց միւս երկու ընկերներուն ամբողջ էութիւնը, սակայն հանգուցեալին երազը իրականացնելու համար, անոնք շարունակեցին իրենց աշխատանքը:
Այս գործը քանի մը իմաստներով սիրոյ արդիւնք է, եւ կեանքի կը կոչէ բանաստեղծական հոյակապ կտորներ՝ գրուած հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դաժան ժամանակաշրջաննէրէն մէկուն ընթացքին:
Ցանկին վրայի բոլոր երգերը յօրինուած են Արէնի եւ Արայի կողմէ, բացի մէկ երգէ: Ասիկա անպաճոյճ գործ մըն է՝ կենդանի ձայնագրութեամբ, իր բոլոր առաւելութիւններով ու թերութիւններով: Այս ձայնապնակը լսելը ո՛չ մէկ ձեւով կը տարբերի ուղղակի նուագահանդէսը լսելէ: Թէ՛ Արէնը եւ թէ՛ Արան կիթառ կը նուագեն ու կ՛երգեն՝ շունչ տալով տողերու, որոնք գրուած են հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ, բանաստեղծներու կողմէ, որոնք պիտի մեռնին միա՛յն այն ատեն, երբ մոռացութեան մատնուին: