Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատան եւ հրաւէրովը Վսեմաշուք դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանի, պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ֆէնիսիա պանդոկին մէջ, որուն ներկայ էին պետական եւ դիւանագիտական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանահայ գաղութի կրօնական, կուսակցական եւ միութենական աւագանին:
Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ, Վսեմաշուք դեսպան Պրն. Մկրտչեանը խօսք առաւ, որուն մէջ ան շեշտը դնելով անկախութեան վեհ գաղափարին վրայ հաստատեց, որ անկախութիւնը օրհնուած եւ բարձր գնահատուած ոգեշնչումն է իւրաքանչիւր ազատատենչ մարդու: Պրն. Դեսպանը յայտնեց, որ Անկախ Հայաստանը Հայրենիքի թէ արտերկրի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու երազանքին իրականցումն էր, որ 25 տարիներ առաջ կարելի եղաւ իրագործել, որպէս արդիւնք ժողովրդական պահանջին եւ հաւաքական կամքին:
Պրն. Դեսպանը իր խօսքին մէջ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին մասին, որու բարեկամութիւնը Հայ ժողովուրդին հետ դարերու պատմութիւն ունի, եւ որ վերջին 25 տարիներուն աւելի եւս զարգացաւ:
Ընդունելութիւնը շարունակուեցաւ հայկական երաժշտութեան ունկնդրութեամբ եւ հայկական աղանդերներու հիւրասիրութեամբ:
Շնորհաւոր անկախութեանդ տօնը մեր սիրելի Հայրենիքին: