Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկին Մէջ Բացուեցաւ «Եղեռնէն Դէպի Անկախութեան Վերականգնում» Ցուցահանդէսը

Մօտ 10 տարիներ հաւաքուած էր գիտելիք, նիւթ, տեղեկոյթ, որպէսզի այս ցուցադրութիւնը կայանայ․ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ, «Եղեռնէն դէպի անկախութեան վերականգնում» ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ յայտարարեց՝ թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

«Վերջին երկու-երեք տարիներու ընթացքին այդ աշխատանքը աւելի աշխոյժ եւ բուռն բնոյթ կրեց, ան մեր ազգային նկարագիրն է` խտացուած ազգային պայքարի, ազատագրական պայքարի, իղձերու, յոյսերու եւ ամենակարեւորը` սպասումի ամբողջացումն է: Սպասում պետականութեան: Այն իրերը, որ դուք կը տեսնէք, իւրօրինակ նմուշներ են պետական խորհրդանիշերու, որ մեր նախապապերը սերունդներ առաջ նկարած են, թաքցուցած են, դրուագներու վերածած են տարբեր իրերու վրայ` մետաղ, փայտ, թուղթ եւ այլն», ըսած է Դեմոյեան:

Ըստ Հայկ Դեմոյեանի` այս ցուցադրութիւնը պէտք է օգնէ բոլորիս, որպէսզի տեսնենք, թէ նախորդ սերունդները ինչ արժէքներու կը ձգտէին, ինչ զոհողութիւններ կը կատարէին:

«Այո, մեծ զոհողութիւնը եղաւ Մեծ Եղեռնը: Զոհուածներու մեծ մասը ունէին այդ իղձը` ապրելու ազատ, անկախ Հայաստանի մէջ: Պատահական չէ ընտրուած ցուցադրութեան վերնագիրը, որովհետեւ 1915 թուականէն առաջ, այդ ընթացքին որբերը, այրիները, վերապրածները շարունակաբար կը նկարէին, հիւսք կը գործէին, նմուշներ կը նկարէին հայկական դրօշակներու եւ զինանշաններու տարաբնոյթ պատկերներ», ըսած է Հայկ Դեմոյեան նշելով, որ ցուցադրութեան մեծամասնութեամբ ներկայացուած են բնօրինակներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին