Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ի սրտէ կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը:
Յաւերժի ճամբորդ Հայ ժողովուրդը 25-ամեակի այս օրերուն անգամ մը եւս Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք մէկ ու միասնական շարքերով պիտի շարունակէ իր գերագոյն կարելիութիւններով՝ պահելու եւ պահպանելու Հայաստան աշխարհն ու անոր յառաջդիմութեան նպաստէ իր բոլոր միջոցներով:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ