Սեպտեմբեր 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Հովարտ Գարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութեան պատուիրակութեան անդամները, որոնք Հայաստան ժամանած են նշելու ընկերակցութեան հիմնադրման 95-ամեակը: Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող ընկերակցութեան մասնաճիւղերու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:
Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց «Հովարտ Գարակէօզեան» ընկերակցութեան 95-ամեակը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այդ յոբելեանը կը նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի օրերուն, որ հնարաւորութիւն կու տայ մասնակից ըլլալու տօնական ձեռնարկներուն:
Նախարարի պաշտօնակատարը գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսք ըսաւ «Հովարտ Գարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութեան գործունէութեան մասին` մասնաւորապէս նշելով. «Երբ 1921 թուականին Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններն ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ որդու` Հովարտի, հիմնադրեցին «Հովարտ Գարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնից փրկուած հայ որբուկներին օգնելու նպատակով, հաւանաբար չէին մտածում, որ իրենց կազմակերպութիւնն այսքան երկար կեանք կ’ունենայ: Փառք ու պատիւ այն մարդկանց, ովքեր շարունակեցին այդ շնորհակալ գործը` 95 տարի հոգ տանելով տարբեր պատճառներով դժուարութեան մէջ յայտնուած հայ մանուկների խնամքի, բուժման եւ կրթութեան մասին: Դուք առաջիններից էիք, որ ամենադժուար ժամանակներում հաստատուեցիք Հայաստանում եւ գործունէութիւն ծաւալեցիք Սպիտակում, Գիւմրիում, Վանաձորում, Լեռնային Ղարաբաղում: Մեծապէս կարեւորում եմ յատկապէս երեխաների առողջութեան պահպանմանն ուղղուած ձեր գործունէութիւնը, քանի որ ինչքան առողջ լինեն մեր երեխաները` այնքան ամուր եւ առողջ կը լինի Հայաստանի ապագան»:
Այնուհետեւ, նախարարի պաշտօնակատարը խօսեցաւ հայութեան առջեւ ներկայիս ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին` առանձնացնելով յատկապէս սուրիահայութեան հիմնախնդիրները: Ներկաներուն ծանօթացնելով ՀՀ կառավարութեան կողմէ սուրահայութեան ցուցաբերուող աջակցութեան մասին` Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ. «Գիտեմ, որ «Հովարտ Գարակէօզեան» յիշատակի ընկերակցութիւնը աջակցում է Սիրիայում եւ աշխարհի տարբեր երկրներում յայտնուած սիրիահայութեանը, սակայն գնահատելի կը լինի, եթէ ընկերակցութիւնն իր 95-ամեայ յոբելեանը նշանաւորի նաեւ Հայաստանում հաստատուած սիրահայութեան համար բարեգործական նախաձեռնութիւններով»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքի խօսքերուն համար` «Հովարտ Գարակէօզեան» բժշկական բարեգործական կազմակերպութեան նախագահ Մայքլ Յարութիւնեան նշեց. «Մենք 95 տարուան ընթացքին ըրած ենք մեր կարելին: Այսօր Հայաստան եկած ենք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող մեր ընկերակցութեան մասնաճիւղերու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ: Կ’ուզեմ վստահեցնել Ձեզի, որ անոնք բոլորն ալ կը գիտակցին իրենց աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ նուիրումով պիտի շարունակեն Գարակէօզեան ընտանիքի գործը»:
Իրենց տարածաշրջաններուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն մասին խօսեցան նաեւ «Գարակէօզեան» ընկերակցութեան Սուրիոյ մասնաճիւղի ղեկավար Պետրոս Տարաքչեան, Լիբանանի մասնաճիւղի ղեկավար Սերոբ Օհանեան եւ ուրիշներ:
Հանդիպման աւարտին մէկ անգամ եւս ներկաներուն շնորհաւորելով «Հովարտ Գարակէօզեան» ընկերակցութեան 95 եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 25 ամեակներուն առթիւ` Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց. «Սփիւռքահայութիւնը երկու կարեւոր առաքելութիւն ունի. նախ իր հզօր ներուժը ծառայեցնի աշխարհում Հայաստանի եւ հայութեան պատիւը բարձր պահելուն եւ երկրորդ` աջակցի Հայաստանի եւ հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրների լուծմանը: Մենք բոլորս աչքի լոյսի պէս պէտք է պահենք-պահպանենք մեր Հայրենիքը` ապագայ սերունդների համար»:
Նախարարի պաշտօնակատարը խօսեցաւ նաեւ հայերէնի իմացութեան եւ Հայաստանի հետ անմիջական շփումներու անհրաժեշտութեան մասին, որոնք ազգային ինքնութեան պահպանման ամենակարեւոր պայմաններն են: