Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Ընկհի. Շուշանի Ոգեւորիչ Այցելութիւնը «Միրաք»ին

Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2016-ին, ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողականշարժմանկիրակնօրեայհիւրերը եղան Լոս Անճելոսէն ժամանած Ընկհի. Շուշան Պաղպուտարեանը եւ  անոր գործընկերը՝ Քեթի Սապունճեանը: Որպէս ԱՄՆ Հանրային սպասարկութեան ծառայութեան միջազգային միութեանԼոսԱնճելըսիաշխատակազմիանդամեւհայկականբաժանմունքիհիմնադիրԸնկհ. ՇուշանՊաղպուտարեան իր կարեւոր աշխատանքային այցի օրերէն ժամ մը սիրայօժար յատկացուց «Միրաք» յանձնախումբին, որու  անդամներուն  հետ շատ ջերմ հանդիպում մը ունեցաւ :

IMG-20160918-WA0018

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Ընկհ. Ճենի Բասեղեանն ու Ընկ. Ճորճ Բարսեղեանը: Ընկհի. Շուշան Պաղպուտարեան իր հաղորդական եւ մտերմիկ ոճով նախ ներկայացուց Երեւան կատարած իր այցի նպատակը, ապա մանրամասնեց իր ծառայած միութեան աշխատանքի մասին, նշելով, որ շատ կարեւոր է նման աշխատանք սկսիլը Հայաստանի մէջ եւ ինք պատրաստ է ,յանուն հայրենիքի, նման նախաձեռնութեան: Ընկհի. Շուշանի հիմնական խորհուրդը «Միրաք»ի անդամներուն այն էր, թէ՝ անհատը շատ բան կրնայ փոխել իր միջավայրի մէջ եւ ամենակարեւորը  մարդու համար կամքի ուժն է , յատկապէս  հայ մարդուն համար,հետեւաբար նպատակային պէտք է դառնայ հայրենիքի ծառայութիւնը: «Միրաք»ի անդամները հիացմունքով լսեցին Ընկհ. Շուշանի ձեռքբերումները, ոգեւորուեցան անոր  օրինակով ու յայտնեցին իրենց գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը:

IMG-20160918-WA0026

Խօսք առաւ նաեւ Ընկ. Ճորճ Բարսեղեանը եւ ան մասնաւորապէս շեշտեց , թէ իւրաքանչիւր անհատ իր հոգու մէջ կը կրէ սրբութեանց տաճար մը, որ կառուցուած է տարբեր տեսակի հոգեւոր արժէքներով եւ այդ հոգեւոր արժէքներու  կեդրոնըհայրենասիրութիւնը պէտք էըլլայ, հետեւաբար, մարդ անաղարտ կը մնայ, երբ  ճիշդ հիմքերու վրայ կը կառուցէ իր հոգու տաճարը եւ անկէ կը սնուի:

Նման դաստիարակչական եւ ոգեւորիչ խօսքեր ունկնդրելէ ետք, «Միրաք»ի խումբերը անցան յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած  կիրակնօրեայ ծրագիրին՝ ընդհանուր գիտելիքներ, խումբի իւրաքանչիւր անդամի ուժեղ կէտերու բացայայտում, խաղեր եւ այլն:

20160918_131032

Երբ խումբերը կ՝իրականցնէին իրենց ծրագիրը՝ ընկհ. Շուշան փոքր խորհրդակցական ժողով մը ունեցաւ «Միրաք»ի վարչութեան հետ։ Ան աւելի մօտէն ծանօթացաւ  գործունէութեան եւ որպէս գնահատանք ու քաջալերանք՝«Միրաք»ին նուիրեց 200 ԱՄՆ տոլար, ինչի համար «Միրաք»ի վարչութիւնը կը յայտնէ իր խորին շնորհակալութիւնը:

IMG-20160918-WA0025

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին