Լոյս տեսած է Պելճիքայի «Նուարդ» մշակութային միութեան նախագահ, տեղի «Լրագիր» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Մինասեանի «Պելճիքան եւ հայերը» գիրքը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Նուարդ» մշակութային միութեան լրատուական ծառայութենէն:
Սա հեղինակին 4-րդ գիրքն է, որ կը պատմէ պելճիքահայերու մասին: Գիրքը կը ներառէ 3-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը Պելճիքայի մէջ հաստատուած հայերու, հայկական կազմակերպութիւններու, պելճիքացի հայագէտներու, բոլոր ոլորտներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալած մեր հայրենակիցներուն մասին: 370 էջնոց գիրքին մէջ բազմաթիւ տեղեկութիւններ կան նաեւ Պելճիքայի եւ պելճիքացիի, հայերու հետ անոնց ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններուն մասին:
Առաջին անգամ տեղեկութիւն կը հրապարակուի պելճիքահայերու թիւի, Պելճիքայի մէջ մեծ ճանաչման արժանացած, բայց դեռեւս հայերուս անծանօթ հայերու մասին: Ի դէպ, «Նուարդ» միութիւնը, որ մեծ աշխատանք տարած է եւ կը շարունակէ տանիլ ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ, քանի մը գիրք հրատարակած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւ այժմ ալ ընթացքի մէջ է երկու գիրքերու թարգմանութիւնը: