*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Քանի մը օր առաջ, հեռաձայնային թէ համացանցային հաղորդակցութեամբ մեզի կապուեցան Ամերիկայի հայկական Ասեմպլիի Արեւմտեան Ափի նախագահ Միհր Թումաճեանը (Կոմիտասի համանուն աշակերտ Միհրան Թումաճեանի շառաւիղը) եւ ամերիկացի, ծագումով հայ ֆիլմարտադրիչներ, աւետելով, որ իրաքեան Քիւրտիստանի «առիւծներու որջ» Հավրէզ հայկական գիւղը, վաւերագրական ֆիլմով պիտի ներկայացուի Կլենտէյլի (Լոս Անճելոս, Գալիֆորնիա) միջազգային փառատօնին . շնորհակալութիւն յայտնելով այսպիսի հերոսներ ծանօթացնելու 2012 թ.-ին գրուած թղթակցութիւններով Տհոքի մերձակայքը գտնուող հայութեան մասին, որոնք 1927 թ.էն այնտեղ հաստատուած են Լեւոն փաշա Շաղոյեաի ջանքերով:
«Հավրէզք, ամրապնդուիր խիզախութեան վրայ» անգլերէն լեզուով նկարահանուած ֆիլմը կը մեկնաբանէ գիւղին ղեկավարը, հրամանատար Մուրատ Վարդանեան, որ մասնակցած է Իրաք-Իրան պատերազմին եւ «Տաէշ»-ի ցեղասպաններուն յարձակման օրերուն, քրիստոնեայ գիւղերուն վրայ, որոնք 90-ական թուականներուն վերակառուցուած էին փոխ-վարչապետ եւ տնտեսութեան նախարար, հայազգի Սարգիս Աղաճեանի կողմէ, մեծ աւերներ գործեցին: Իրաքեան Քիւրտիստանի այդ տարածքի հայերը կրցան պաշտպանութեան ջոկատ կազմել(,) հրամանատարութեամբ՝ Մուրատ Վարդանեանի, միաւորելով Աւզրուկի, Իշֆքենտերի, Զախոյի եւ Տհոքի հայ խիզախները: Թշնամին ետ մղուեցաւ եւ մեր վերջին այցելութեան ընթացքին, , զինուրական պատիւներով ընդունուեցանք, Մայր Հայրենիքէն ժամանած պատուիրակներուն հետ…:
Իսկապէս քաջարի հերոսներ են նաեւ նախագահ Պարզանիի զինակից, նախկին խորհրդարանական ու «Փէշմերկա» Արամ Շահին Բակոյեան (Զախօ), խորհրդարանի անդամ Երուանդ Ամինեան եւ Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի տաճարի հոգեւոր հայր Տէր Մասիս Շահինեան, ազգային դէմք Արտաշէս Շահին, Էրպիլի Հայոց Միութեան նախագահ Յակոբ Սիմոնեան եւ «Իշթար» հեռատեսիլի կայանի տնօրէն Ռազմիկ Մուրատեան, շուրջ 3000-ի հասնող «բնիկ» Իրաքեան Քիւրտիստանի հայերով եւ նոյնքան մըն ալ Պաղտատէն ու Մուսուլէն ապաստանած հայերով, որոնք կը վայելեն քիւրտ թէ ասորի քաղաքացի բնակչութեան բացարձակ սէրն ու վստահութիւնը: