*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանանեան ապահովական իրավիճակը դարձեալ լուսարձակի տակ առնուեցաւ վերջին օրերուն, երբ բացայայտուեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում խմբաւորման նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթին դէմ կատարուելիք մահափորձի մը ծրագիրը:
Հակառակ անոր, որ այս բացայայտումը մեծ իրագործում մըն էր պատկան մարմիններուն կողմէ, սակայն կալանաւորուած յանցագործներու վերջին խոստովանութիւնները ցոյց կու տան, թէ Լիբանան տակաւին շատ հեռու է ապահով երկիր որակուելէ:
Կը մնայ Լիբանանի ապահովութիւնը ամէն գնով պահել անձեռնմխելի, որովհետեւ եթէ տակաւին երկիրը իր ոտքերուն վրայ կը մնայ՝ ապա այդ մէկը անոր յարաբերաբար ապահով վիճակին կը պարտինք, որ Աստուած մի արասցէ եթէ փլի՝ իր հետ փուլ կու գայ ամէն բան: