ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էտուարտ Նալպանտեան Սեպտեմբեր 16-ին Պիշքեքի մէջ մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ ԱՊՀ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստին, որ կ՝ընթանար կազմակերպութեան 25ամեակին ծիրէն ներս: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Նիստին օրակարգին ընդգրկուած էին կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, արդի իրողութիւններուն կառոյցի արդիականացման հետ կապուած հարցեր:
ԱՊՀ անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները անդրադարձան մշակութային, կրթական, իրաւապահպանութեան, արտակարգ իրավիճակներու, կիբերանվտանգութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան սերտացման հարցերուն:
Նիստին մասնակիցները քննարկեցին եւ հաւանութեան արժանացուցին մէկ տասնեակէ աւելի փաստաթուղթերու նախագիծեր, ներառեալ` ԱՊՀ 25-ամեակի եւ շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու կողմէն ընդունուելիք յայտարարութիւնները:
Որոշուեցաւ ԱՊՀ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի յաջորդ նիստը գումարել 2017 Ապրիլին, Թաշկենտի մէջ: