Սեպտեմբեր 15 լոյս 16-ին, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ՝ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է աւելի քան 20 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 225 կրակոց:
ԼՂՀ ՊԲ մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով` ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը հաւատարիմ մնացած են հրադադարի պահպանման եւ շարունակած են իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն: