Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Լիբանանի Քաղաքական Բեմը Նորութիւննե՞ր Պիտի Ընդգրկէ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ամառնային արձակուրդէ ետք մինչ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը պատրաստուի Լիբանան վերադառնալ եւ հետեւաբար դարձեալ քաղաքական դաշտ, արդարադատութեան հրաժարած նախարար Աշրաֆ Ռիֆի իր նորագոյն յայտարարութիւններով սկսաւ իր յարձակումները սաստկացնել Հարիրիի նկատմամբ՝ հասնելով մինչեւ այն աստիճանին, ուր ան յստակօրէն ըսաւ, թէ Հարիրին վերջացած է եւ կարիքը կայ նոր Հարիրիի:

Իմ համեստ կարծիքով Ռիֆի «նոր Հարիրիի» իր տեսութեամբ անշուշտ  ինքզինք նկատի ունի:

Մուսթաքպալի կապոյտ վերարկուն իր ուսերէն շատոնց հեռացուցած Ռիֆի, մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասցնել իր յարձակումները չեմ գիտեր, սակայն ինչպէս ատենին ալ այս սիւնակով մատնանշած էի, Ռիֆի կը վայելէ Սէուտական Արաբիոյ վստահութիւնը եւ գետնի վրայ սիւննի (մանաւանդ ծայրայեղ) զանգուածին մօտ՝ մեծ ժողովրդականութիւն: Փաստը Թրիփոլիի քաղաքապետական վերջին ընտրութիւններուն արդիւնքն է:

Արդեօք Հարիրի իր վերադարձով ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ իր դէմ կազմուող այս ալիքին: Ինչպէ՞ս պիտի կարենայ երկիրը իր քաղաքական անելէն դուրս հանել, միեւնոյն ժամանակ ապահովելով իր քաղաքական ապագան:

Արդեօ՞ք Հարիրիի յառաջիկայ հանգրուանի նոր կարգախօսը պիտի ըլլայ «բացուիլ Միշէլ Աունի ուղղութեամբ»:

Ամէն պարագայի մէկէ աւելի քաղաքական նշոյլներ կան, որոնք աւելի եւս կը հաստատեն նախագահական թղթածրարին վերաբերեալ Հարիրիի վերատեսութիւնը:

Վերջապէս տօնական եւ ամառնային արձակուրդներէն ետք, ըստ երեւոյթին Լիբանանի քաղաքական բեմը բաւական նորութիւններ պիտի ընդգրկէ:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին