Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Եթէ Հայաստան Հզօր Ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Լատինական Ամերիկայի Երկիրներուն Մեծամասնութիւնը Պատրաստ Է Նոյնը Ընելու

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Ինչպէս 1965-ին, այս անգամ ալ նախաձեռնութիւնը աշխարհի ամէնէն ժողովրդավար երկիր Ուրուկուէյինն էր՝ ճանապարհ հարթելու դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) փաստացի ճանաչում, ինչպէս որ այդ յարաբերաբար «փոքր» երկիրը (Սուրիոյ տարածքն ունի…), կրցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախակարապետը ըլլալ հարաւային կիսագունդին եւ ամբողջ երկրագունդին վրայ: Վերջերս խորհրդարանական եւ կառավարական մակարդակի չափանիշերով, խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ, մինչ երկիրին մէջ, 20-րդ դարու սկիզբէն ի վեր հայերը շատ կարեւոր դեր խաղցած են եւ այսօր կը պարծենան Ուրուկուէյի համալսարանի ռեկտոր, դոկտ. Ռոպերթօ Մարգարեանով, նախարարուհի Լիլիամ Քէշիշեանով, պետական երեսփոխան Խօսէ-Լուիզ Սաթճեանով, նշանաւոր գործարար եւ ՀՀ Պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանով, Ուրուկուէյի հոգեւոր Առաջնորդ Յակոբ Արք. Գլըճեանով, «Արմենիա» Ռատիոյի հիմնադիր Յարութիւն Ռուբէնեանի զաւակ Պերճ Ռուբէնեանով եւ այլ բազմաթիւ դէմքերով, դպրոցներով ու հաստատութիւններով:

Եթէ Հայաստան հզօր ըլլայ եւ ճանչնայ հայկական երկրորդ հանրապետութեան ու փաստացի (De Facto) իրեն միաւորուած ԼՂՀ-ն, ոչ մէկ կասկած կայ, որ Արժանթինի հսկայակաքն հանրապետութիւնը, հետեւելով ազատատենչ ծովակալ Պեշկրանօի մարդկային բարձր իրաւունքներու եւ ազատութեան կամքին, նոյնպէս պիտի ճանչնայ ազատ-անկախ Արցախը: 1991-էն ի վեր Արժանթինի հայութեան եւ պետութեան բարեհաճ կամքով, Մայր Հայրենիքն եւ անոր անբաժան մաս ԼՂՀ-ը հսկայական օգնութիւններ ստացած են, նոյնիսկ Ստեփանակերտի հեռատեսիլի կայանը օժտուած է արդիական սարքաւորումով՝ Արժանթինէն բարերարի խիզախ նախաձեռնութեամբ: Արժանթին եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին ճանչցողներէն եւ յուշարձանի տեղադրողներէն՝ 1961-էն սկսեալ…:

Այս անծայրածիր երկիրը, որուն սահմանները կ’երկարին Ռիօ-Տէ-Լա Փլաթայէն մինչեւ հարաւային բեւեռ, նաեւ ամէնէն մեծ ներդրողն է Հայաստանի մէջ, «Զուարթնոց» օդակայանը վերակառուցող եւ ազգային բարերար Էտուարտօ Էռնէկեանի ու գործընկերներուն ջանքերով:

Պուէնոս Այրէսի շքեղ կառոյցի մը մէջ տեղաւորուած է ՀՀ դեսպանութեան դիւանագիտական առաքելութիւնը: Փորձառու դիւանագէտ, Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան, ծագումով արցախցի է եւ հայոց պետութիւնը նաեւ կը ներկայացնէ Ուրուկուէյի մէջ: Այնպէս որ ամէն ինչ պատրաստ է ճանաչման գործընթացը սկսելու, եթէ քաջութիւնը ունենանք գործի անցնելու…:

Եւրոպայի չափ տարածութիւն ունեցող, շուրջ 250 միլիոն բնակչութեամբ Պրազիլ, միշտ ալ շատ բարեացակամ եղած է հայերու վերաբերեալ եւ վերջերս հաստատեց 90 օր առանց վիզայի ՀՀ անձագիր կրողներու մուտքը ու կեցութիւնը իր եկիրը:

Սաօ Փաօլոյի, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի թէ մայրաքաղաք Պրազիլիայի մէջ, հայերը հարիւրամեակէ մը ի վեր կարեւոր դեր կը խաղան կօշիկի եւ կաշեգործութեան ճարտարարուեստի, շինարարութեան ծրագիրներու, մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ: Նոյնիսկ բռնատիրութեան օրերուն իսկ, հայերը Պրազիլի մէջ ամէն կարգի ազատ իրաւունքներ վայելած են, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ոգեկոչման պայքարին մէջ:

Արժանթինաբնակ քիւրտ-ալեւի Մեհմէտ Տողանի նախաձեռնութեամբ, Պոլիվիա ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յեղափոխական պայքարով ձեռք բերուած թանկագին անկախութիւնը, ցեղասպանութեան ենթարկուած Մայաներու, Ինքաներու եւ Տոլտէքներու երկիրին մէջ, ուր նահատակուած է 20-րդ դարու Լատինական Ամերիկայի «Քրիստոս» Էրնեսթօ «Չէ»Կեւարա (ծագումով Արժանթինէն), շատ լաւ կը հասկնայ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերն եւ անկախութեան պայքարի ելած արցախցիները: Պէտք չէ մոռնալ ծագումով բնիկ «հնդիկ» Պոլիվիոյ նախագահ Իվօ Մօրալէսի խաղցած դերը եւ ժամանակը եկած է յառաջ տանելու Արցախի ճանաչման պայքարը նաեւ Պոլիվիոյ մէջ:

Կարեւոր աշխատանքներ կան իրականացնելու Մեքսիքոյի մէջ նաեւ, ուր 100-ամեայ հայկական գաղթօճախ մը կը ծաղկի եւ որուն արձագանգներուն նուիրեալ Գառլա Անթարամեանի ջանքերով, իրազեկ եղանք այս ամրան Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Մեքսիքոյի հայերը» լուսանկարներու ցուցահանդէսին: Մէկ խօսքով շուրջ 1 միլիառ բնակչութիւն ունեցող Լատինական Ամերիկան մեր գլխաւոր դաշնակիցը կրնայ ըլլալ, եթէ կարողանանք իմաստուն կերպով շարժիլ եւ օգտագործել մեզի ընձեռուած կարելիութիւնները՝ ի փառս հայութեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին