Հայաստանի Ազգային ժողովը Սեպտեմբեր 15-ին փակ գաղտնի քուէարկութեամբ, Հայաստանի գլխաւոր դատախազ ընտրած է միակ թեկնածու, ՀՀ գլխաւոր դատախազի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արթուր Դաւթեանը:
Մինչ այդ Դաւթեան ՀՀ գլխաւոր դատախազի տեղակալն էր:
Կողմ քուէարկած են 97 պատգամաւորներ, դէմ` 3: Իսկ 3 քուէաթերթիկներ անվաւեր ճանչցուած են: Քուէարկութեան մասնակցած են 103 պատգամաւորներ:
ՀՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնը թափուր էր Օգոստոս 4-էն ի վեր, երբ Գէորգ Կոստանեան առողջական խնդիրներու պատճառով դիմած էր ՀՀ նախագահին` խնդրելով ընդունիլ ՀՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնէն ազատուելու վերաբերեալ իր դիմումը:
Արթուր Դաւթեան ծնած է 1978-ի Դեկտեմբեր 8-ին, Շիրակի մարզի Հոռոմ գիւղին մէջ:
Դատախազութեան համակարգին մէջ է 2006-էն, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու է, արդարադատութեան 2-րդ դասի խորհրդական, 2013-2016-ին եղած է Երեւանի դատախազ: 2012-2013-ին Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական շրջանի դատախազ, 2008-2012-ին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան մարդու իրաւունքներու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան պետի տեղակալ, 2007-2008-ին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան մարդու իրաւունքներու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան աւագ դատախազ, 2006-2007-ին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան հետաքննութեան եւ նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան դատախազ, 2000-2006-ին Երեւանի Պետական Համալսարանի քրէական դատավարութեան եւ ոճրագործաբանութեան (քրիմինալիստիկա) ամպիոնի դասախօս:
Այժմ կը դասախօսէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի եւ Երեւանի Պետական Մանկավարժական համալսարանի մէջ: