Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Պոլսոյ «Մարալ»-ը Հայաստանի Հանդիսատեսին Ներկայացուց «Արա Եւ Շամիրամ» Ներկայացումը

Սեպտեմբեր 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ բեմականացուեցաւ  Պոլսոյ «Մարալ» երգի եւ պարի միութեան համոյթի «Արա եւ Շամիրամ» դի­ցա­բա­նութեան երաժշտական-պարային ներկայացումը: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն Այսօր»-ը։

Օրհնանքի խօսքով հանդէս եկաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տէր Թաթուլ ծայրագոյն վարդապետ Անոյշեան:

Ներկայացումը երկու անգամ արդէն բեմադրուած է Պոլսոյ մէջ` արժանանալով ջերմ ընդունելութեան ու բարձր գնահատանքի: Հայաստանի մէջ այն ներկայացուեցաւ առաջին անգամ: «Մարալ» պարախումբը թատերգական պարի միջոցով իւրովի ներկայացուց «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ» դիցաբանական պատմութեան հերոսները` Հայրենիքին ու ընտանիքին նուիրուած Արան եւ բռնակալ, ցանկասէր Շամիրամը: Վերջինիս համար պարագրութեան հեղինակները նախանշած էին դժոխքի ճանապարհը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան` նշելով. «Բոլորիս շնորհաւորում եմ այս գեղեցիկ իրադարձութեան առիթով: «Մարալ» երգի ու պարի միութիւնն իր գործունէութեան 36 տարիների ընթացքում նուիրուել է մէկ գաղափարի` պահպանել հայկական աւանդական մշակոյթը` խորապէս գիտակցելով, որ այն հայ ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման ամենակարեւոր երաշխիքներից մէկն է»:

Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը բարձր գնահատեց պոլսահայ համայնքին դերը հայ մշակոյթի եւ հայկական աւանդոյթներու պահպանման գործին մէջ: «Մենք հիանում ենք վերջին տարիներին Սփիւռքի նախարարութեան ծրագրերի շրջանակներում Հայաստան եկող պոլսահայ մեր հայրենակիցներով, ովքեր հնարաւորութիւն են տալիս կրկին համոզուելու, որ պոլսահայ համայնքը մշակութային հզօր ներուժ ունի», -նշեց ան:

Անդրադառնալով «Արա եւ Շամիրամ» ներկայացման` նախարարի պաշտօնակատարը ընդգծեց. «Մեզ ներկայացուած  պարային բեմադրութիւնը  երկու տարուայ քրտնաջան աշխատանքի արդիւքն է: Տեղին է յիշել Պոլսի վաստակաշատ խմբագրպետ, մեր սիրելի Ռոպեր Հատտեճեանի խօսքը. «Արա եւ Շամիրամը» պէտք է ներկայացնել բազում անգամներ եւ հասցնել հայկական, ինչպէս նաեւ ոչ հայկական շրջանակների, որոնք այս կերպով կը կարդան հայոց դիցաբանութեան նշանաւոր էջերից մէկը»: Եւ նա իրաւացի է: Ես կ’ուզենայի, որ Հայրենիքում այսպիսի ջերմ ընդունելութիւն գտնելուց յետոյ այն շարունակի իր ուղին` հիացնելով նաեւ աշխարհի տարբեր անկիւններում ապրող մեր հայրենակիցներին»:

Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց խումբի անդամներու դերասանական վարպետութիւնը, բարձրաճաշակ բեմանկարները, բեմադրութեան ընթացքին հնչող Ա. Խաչատուրեանի, Ալ. Սպենդիարեանի, Խ. Աւետիսեանի, Կոմիտասի, Թ. Ալթունեանի, Ա. Բաբաջանեանի եւ այլոց մեղեդիներու ընտրութիւնը:

Նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով պարգեւատրեց «Մարալ» երգի եւ պարի միութիւնը:

Բեմադրութեան ստեղծագործական խումբը, կազմակերպիչները եւ գլխաւոր դերակատարները` Լեռնա Փափազեան, Սելմա Մելեքեան, Արթին Ճան Փահարօղլուն, Դալար Քէօսէօղլուն, Արաս Ռիւսթէմօղլուն, Ալիթա Դիւանեան, Գարէն Էմիրկելօղլուն պարգեւատրուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին