Թուրքիա ապաստանած սուրիահայ ընտանիքի մը մասին «Ակօս» թերթի հրապարակած յօդուածը մեծ արձագանգ գտած էր Պոլսոյ հայկական համայնքին մէջ: Թերթին մէջ տպագրուած յօդուածէն ետք Պոլսոյ հայկական Պեզճեան վարժարանի ներկայացուցիչները շտապած են օգնութեան ձեռք մեկնելու սուրիահայերուն եւ յայտարարած, որ պատրաստ են անվճար կրթութիւն տալու փոքրիկներուն, կը հաղորդէ Tert.am-ը:
«Ակօս»-ի թղթակիցը, մասնաւորապէս, պատմած էր, որ Սուրիայէն Սթանպուլ գաղթած սուրիահայ ընտանիքը կը դժուարանայ իր երեխան դպրոց արձանագրելու` դիւանակալական եւ ֆինանսական խնդիրներու պատճառով:
Յօդուածին մէջ նաեւ նշուած էր, որ ընտանիքին հայրը նախապէս օգնութեան խնդրանքով դիմած է փոխպատրիարք Արամ Աթեշեանին եւ մերժուած:
«Ինծի գումար պէտք չէ, ինծի աշխատանք պէտք է: Սակայն սրբազանը ըսաւ, որ ոչնչով կրնայ օգնել ինծի: Շատ զարմացած էի», – ըսած է սուրիահայ փախստականը:
Պեզճեան հայկական վարժարանի խորհուրդի ներկայացուցիչ Սեւան Գիւրիւնը, արձագանգելով այս նիւթին, յայտարարած է, որ իրենք սիրով պատրաստ են ընդունելու սուրիահայ փոքրիկները:
Դպրոցը պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնելու երեխաներու ծնողներուն դիւանակալական բոլոր հարցերուն մէջ, երեխաները նաեւ պիտի օգտուին դպրոցական փոխադրամիջոցէն եւ դպրոցի սնունդէն:
Գիւրիւնը նշած է, որ ֆինանսական խնդիրներ ունեցող ընտանիքներուն համար իրենց դպրոցին մէջ ոչ մէկ արգելք պիտի ըլլայ, աւելին ` սուրիահայ փոքրիկներուն պատրաստ են անվճար կրթելու: