Պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէոքչէքին ուշագրաւ կոչ ըրած է: Թրքական ընդդիամադիր «T24» լրատուակայքի փոխանցմամբ` Թուրքիոյ մէջ Սեպտեմբեր 12-ին սկսած Քուրպան պայրամի(զոհաբերութեան տօն) ծիրէն ներս Պաղտատը հաշտութեան առաջարկ ըրած է Կէոքչէքին:
Պոլսահայ լրագրողը Twitter-ի իր էջին մէջ հետեւեալը գրած է. «Մելիհ Կէոքչէք, բոլոր անոնք, որոնք իրարու հետ կռուած են, տօներու առթիւ հաշտուած են: Փողերս ետ տուր, հաշտուինք»:
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէոքչէքը հայց ներկայացուցած է Հայկօ Պաղտատի դէմ` իր մէկ գրառման մէջ Կէոքչէքին «հայ» եւ «նողկալի մարդ» անուանելու պատճառով: Դատարանը հայցը ընդունած էր միայն մասամբ եւ Հայկօ Պաղտատին պարտադրած 2500 լիրա փոխհատուցում վճարել` թուրք պաշտօնեային «նողկալի մարդ» անուանելուն համար: