Սեպտեմբեր 13-ի լոյս 14-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 40 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 450 կրակոց: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն:
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը պահպանած են հրադադարը եւ շարունակած են վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: