Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Լիբանանի գինիի եւ ոգելից ըմպելիներու ծանօթ վաճառատուն՝ Վինթէճի նախաձեռնութեամբ, իր Ժալ էլ Տիպի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական «Կարաս» վաճառանիշով գինիի համտեսումը:
Ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի մօտ ՀՀ Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը իր տիկնոջ եւ դեսպանատան անձնակազմին հետ, ինչպէս նաեւ հայկական գինիով հետաքրքրուած մշակութասէր հանրութիւն մը:
Հայկական համադամ հիւրասիրութեան շուրջ հաճելի հանդիպում մըն էր, որու ընթացքին ներկաներուն հրամցուեցան «Կարաս» գինիի երեք տեսակներ՝ կարմիրը, ճերմակն ու կազայինը:
Աշնանամուտի եւ մօտալուտ ձմրան նախօրէին կարեւոր էր համտեսել «Կարաս»ը՝ մարմինն ու հոգին ջերմացնող ըմպելիի ճիշդ եւ հայկական ընտրութիւն մը ընելու համար: