*ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ*
Եուրոզի ստեղծագործութիւնները ոչ միայն ցարդ գնահատուած ու ցուցադրուած են շարք մը ժամանակակից արուեստի թանգարաններու մէջ, այլ նաեւ՝ ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանացած են ՄԱԿ-ի եւ նոյնի’սկ Վատիկանի կողմէ:
Վեջերս Եուրոզի արուեստի դիմաց իր դուռերը բացաւ նաեւ Սան Տիէկոյի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանը (Museum of Contemporary Art in San Diego) ու իր մնայուն հաւաքածոյին մէջ ներառաւ Եուրոզի «Համբոյր Կարմիր Գլխարկի Տակ» (Սերեկրաֆի,1992,152.4 x 101.6cm) ստեղծագործութիւնը, որ նուիրատուութիւնն է Տէր եւ Տիկ. Թամի եւ Միշէլ Լանկ ամոլին, որոնք յայտնի արուեստասէր-բարերարներ են ԱՄՆ-ի մէջ:
Եուրոզի համբաւը դուրս գալով Ամերիկայի սահմաններէն եւ անցնելէ ետք Եւրոպայէն ու Միջին Արեւելքէն հասած է մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք: Ան` Սեպտեմբեր 19-22 յատուկ հրաւէրով պիտի մասնակցի Չինաստանի Հինգերորդ Միջազգային Քաղաքային Քանդակի Փառատօնին (5th International Urban Sculpture Festival): Իսկ երրորդ անգամ ըլլալով Յունուարի 11-15 Նոազ Արք-ը զինք պիտի ներկայացնէ Սինկափուրի «Արդ Սթէյճ» (Art Stage Singapore) միջազգային արուեստի փառատօնին:
Այս մեծատաղանդ ստեղծագործողի ձեռք բերած միջազգային նուաճումները պատահական երեւոյթ չեն: Անոնք նախ տքնաջան եւ յարատեւ աշխատանքի մը արդիւնք են, եւ ապա Եուրոզ այն գեղանկարիչն է, որ յանդգնութիւնը ունեցաւ խորանալու խոնարդապաշտութեան (cubism) մէջ եւ կրցաւ քայլ մը առաջ տանիլ ու աստիճան մը վեր բարձրացնել զայն: Եուրոզ երկու տիտաններու՝ կարելի է ըսել իր մեծագոյն «ուսուցիչներէն»՝ Պրաքի եւ Փիքասոյի ստեղծած եւ արուեստի մէջ բեկում յառաջացուցած խորանարդապաշտութիւնը օժտեց լուսաերանգային վառ աշխուժութեամբ եւ համապատասխան խորհրդանշաններով: Եուրոզի արուեստը կը տարբերի թէ համադրական (synthetic) եւ թէ վերլուծական (analytic) դասական cubism-ներէն իր կենսունակ եւ ոգեղէն արտայայտչականութեամբ ու բովանդակալից ու գեղեցիկ խորհրդանշաններով (նուռ, լոյս, գինի, կապոյտ վարդ, գիրք եւ այլն), որոնք «կ’ապրին» այնպէս ինչպէս Եուրոզի նախապապերու «Սօսեաց Անտառն» ու «Վիշապաքարերը»: Այսպիսով գուցէ անոր արուեստը կարելի ըլլայ մկրտել նոր ԻԶՄով մը ու անուանել Neo-Hylozoist (Նոր-ոգեպաշտութիւն): Հին աշխարհի ժողովուրդներէն շատեր (յոյները, հայերը, բաբելացիները, հիթիթները, եւայլն) սկզբնական շրջանին հայլոզոիստներ էին, այսինքն անոնք կը հաւատային թէ բնութեան տարրերն ու առարկաները կ’ապրին ու կը շնչեն եւ այս պատճառով կ’անձնաւորէին ու կը պաշտէին զանոնք: Թէեւ այս առումով Եուրոզի արուեստը հայլոզոիստական բնոյթ ունի, սակայն կարելի չէ իր մենաշնորհը համարել զայն: Բացի միջազգային բազմաթիւ արուեստագէտներէ հայ մեծագոյն կերպարուեստագէտներէն շատերու արուեստը եւս թաթաւուն է հալոզոիստական զգացողութեամբ: Ինչպէս. Արշիլ Կորքի, Ռուբէն Նաքեան, Երուանդ Քոչար, Գառզու, եւայլն:
Անշո՛ւշտ կերպարուեստագէտներու քով հայլոզոիզմի դրսեւորումը ենթագիտակցական բնոյթ ունի: Այս առումով Եուրոզի արուեստը դեռեւս հանգամանօրէն եւ ըստ արժանւոյն չէ պեղուած եւ ուսումնասիրուած: Կարիքը կը զգացուի լուրջ եւ խոր վերլուծումներու ու մեկնաբանութիւններու:
ԾԱՆՕԹ.– Երբ այս ակնարկը պատրաստ էր արդէն մամուլին ղրկուելու, յանկարծ լուր ստացանք թէ Եուրոզի «Յավերժութիւն» քանդակը արդէն իսկ ընտրուած է, իբրեւ վերոյիշեալ միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցող ստեղծագործութիւններէն մէկը եւ մնայուն ցուցադրութեան պիտի արժանանայ JIMO-ի «AU Wangshan Forest Sculpture Park»ի մէջ:

