Հայ Առաքելական եկեղեցին Սեպտեմբեր 11-ին տօնեց Խաչվերացի տօնը, որ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինն է: Այս տօնը խաչին նուիրուած տօներէն կարեւորագոյնն է, որովհետեւ նուիրուած է գերութենէն խաչի վերադարձին եւ փառաբանութեան յիշատակին: Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցին խաչվերացը կը տօնէ Սեպտեմբեր 11-էն 17-ի միջեւ ինկած ժամանակամիջոցին Կիրակի օրը: