Հայաստան` Եդեմական այգիի երկիր: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը գրէ անտալուսական ճանչցուած IDEAL պարբերականը` պատմելով Հայաստանի տեսարժան վայրերուն մասին:
«Հայաստանի զբօսաշրջական խորհրդանիշը կը համարուի Արարարտ լեռը, որուն գագաթին, ըստ Աստուածաշունչին, իջած է Նոյի տապանը, ուր եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, գտնուած է եդեմական պարտէզը»:
Սպանական լրատուամիջոցը իր ընթերցողներուն կը պատմէ Մատենադարանի, հայկական մանրանկարչութեան, ինչպէս նաեւ Խոր Վիրապի եւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման մասին:
IDEAL կը նշէ նաեւ, որ տարուէ տարի Հայաստան գրաւիչ կը դառնայ յատկապէս եւրոպացի այն զբօսաշրջիկներուն համար, որոնք կը հետաքրքրուին պատմութեամբ, կը սիրեն բնութիւն եւ կը գնահատեն ազգայինը: