Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

«Վարդավառ» Երգչախումբին Անդրանիկ Ելոյթը Յորդանանի Մէջ Նուիրուած Անմահ Կոմիտասի Յիշատակին

Յորդանանահայ գաղութի արուեստասէր շրջանակը բացառիկ ելոյթ կ’ակնկալէր «Վարդավառ» Երգչախումբին անդրանիկ միջոցառումէն, զորս տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 29 Օգոստոս 2016-ին, Ամմանի Էլ Հուսէին Մշակութային Կեդրոն Թատերասրահին (Al-Hussein Cultural Centre Theatre) մէջ, բարձր Հովանաւորութեամբ Հաշիմական Ընտանիքի Իշխանուհի Րիմ Ալի-ի, եւ նախագահութեամբ Ամմանի Մեծարգոյ Քաղաքապետ Պրն. Աքըլ Պըլթաճիին: Ելոյթը գերազանցեց բոլոր ակնկալութիւններուն: Այս մասին «Հայերն Այսօր»-ին կը տեղեկացնէ Ներսէս Ներսէսեան։

Շնորհիւ Հայ արուեստի կատարող, երաժիշտ, երգահան, խմբավար Վարդուհի Թորոյեան Ներսէսեանի եւ ելոյթի շնորհաբեր դերակատարներուն Հայ արուեստն ու մշակոյթը բազմիցս արձագանգուեցաւ երկիր Յորդանանի շատ եւ շատ օրաթերթերու մէջ:

Օրուան բացման խօսքէն ետք, խմբավար Վարդուհիի կողմէն 4 ձայներու բաժնուած երկիր Յորդանանի քայլերգով հանդէս եկաւ «Վարդավառ» երգչախումբը:

Քառաձայն Քայլերգով բացումը ոգեւորեց եւ զարմացուց ողջ հանդիսատեսը:

Յորդանանեան քայլերգին յաջորդեց Հայաստանի Օրհներգը:

Քայլերգէն ետք հնչեցին Կոմիտասի երգերը, երաժշտութիւնը. բանաստեղծութիւնները, պարերն ու ասմունքները:

Թիւով 30 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը կեանքի կոչուեցաւ ընթացիկ՝ 2016 տարուայ սեմին: Երգչախումբը կազմուեցաւ Յորդանանի Հայ համայնքի հանդէպ Վարդուհիի ունեցած նախանձախնդրութենէն:

Ողջ համերգին ընթացքին, իր փառահեղ մասնակցութիւնը կը բերէր Յորդանանի Ազգային երաժշտական երաժշտանոցի կամերային նուագախումբը, գլխաւորութեամբ Երաժշտանոցի Տնօրէն, Յորդանանի Ազգային Նուագախումբի Դիրիժոր, Խմբավար Տիար Մոհամմատ Օթման Ստիքի:

Սոյն ելոյթով գաղութէս ներս յայտնաբերուած տաղանդաւոր երիտասարդ Հրակ Մուրատեանը Կոմիտասի «Հով արեք սարեր ճան» երգը նուագեց Տուտուկով:

Յասմիկ Թոքաճեանի ասմունքը Կոմիտասի «Շնչէ Հովիկ» բանաստեղծութեամբ մեծ տպաւորութիւն մատուցեց ներկաներուն:

Իսկ Յասմիկի դուստրերը՝ Սինթիա եւ Կասիա Թոքաճեան քոյրերու «Շուշիկի պար»-ը ազնուական կերպարներ ստեղծեց սրահին եւ Կոմիտասի նկարով կենդանացած բեմին:

Օր. Մարալ Ներսէսեանի արտասանած ասմունքը Կոմիտասի «Ճերմակ հեր, գարուն սեր» եւ «Սեր ու  ջեր»-ը գրա-գեղարուեստական հնչեղութիւն պարգեւեց ելոյթի յայտագիրին:

Ամմանի Հայ Օգնութեան Միութեան «Արազ» Պարախումբի Պարուսոյց Անի Քարալեան/Գիզիրեանի ներկայացուցած «Մարալ»ի մենապարը ազգային ցոլք, արուեստ, եւ նազանք մատուցեց բոլոր հանդիսականներուն:

Կոմիտասի «Չինար ես»ը հնչեց 4 երաժշտական գործիքներով, Կլարնետ՝ Փոխ նախագահ միջազգային երաժշտական խորհրդի եւ տնօրէն արաբական երաժշտական ակադեմիայի- Արաբական Պետութիւններու լիգան երաժշտութեան Դոկտ.  Հիշամ Շարաֆ, Թավջութակ՝ փոքրիկն Արին Շարաֆ, Հոբո՝ Արինի մայրը՝ Թալին Շահրինեան Շարաֆ, եւ ընկերակցութեամբ դաշնամուրի:

Սոյն յայտը Շարաֆ/Շէհրինեան ընտանիքի առանցնայատովկ երեկոյ մը արձանագրեց Կոմիտասի նուիրուած այս միջոցառմանը:

Վարդուհի Թորոյեանի կողմէ  երգի վերածուած Կոմիտասի «Երազներ» բանաստեղծութիւնը Կոմիտասեան ներշնչումով եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ կատարեց հեղինակը:

Ինչ կը վերաբերուի միայն 6 ամիս առաջ կեանքի կոչուած «Վարդավառ» երգչախմբի ձեռք բերած յաջողութեան, զորս ապացուցուեցաւ համերգի ընթացքին, այդ սէրն ու համոզումն է հանդէպ անմահ Կոմիտասին, որպէս լեկենդ եւ որպէս առաջատար միասնականութեան կանչի եւ հրաւէրի:

Սոյն համոզումներով, մեծ ձգտումներով, ու անդրդուելի կամքի տէր երգչախումբը բացառիկ ներկայացում ունեցաւ «Վարդավառ»ի անդրանիկ ելոյթի ընթացքին:

Ուրախութեամբ կ’անդրադառնանք, որ անմահ Կոմիտասի հանդէպ Վարդուհիի ունեցած յարգանքն ու սէրը բազմապատկուած է, Հայրենիքի  Արարատեան  Հայրապետական Թէմի Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ իր ունեցած անխոնջ ծառայութեան համար, ինչպէս եւ  Ծաղկազարդ Համախումբէն ներս իր ունեցած երկար տարիներու գործակցութեան  շրջանին:

Համերգի աւարտին Մայսթրօ Վարդուհի Թորոյեանը  փակման խօսքի մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վսեմափայլ Իշխանուհի Րիմ Ալիին իր Բարձր հովանաւորութեան համար, ինչպէս եւ Ամմանի Մեծարգոյ Քաղաքապետ Պրն. Աքըլ Պըլթաճիին, իր բերած շնորհաբեր ներկայութեան եւ ցոյց տուած քաջալերանքին համար:

Հայ եւ Արաբ ազգերու մշակոյթը իրար աւելի ծանօթացնելու նպատակով Վարդուհին բարի ցանկութիւն յայտնեց, որ մօտ ապագային «Վարդավառ» երգչախումբը արաբերէն լեզուի երգացանկով եւս ելոյթ ունենայ Հայաստանի մէջ:

Իր փակման խօսքի աւարտին Վարդուհին Վարդավառ երգչախմբի կողմէ պարգեւատրեց Կոնսերվատորիայի Տնօրէն Պրն. Մոհամմատ Օթմանին իրենց ազնիւ մասնակցութեանը համար, ինչպէս եւ պարգեւատրեց Արին Շարաֆին որպէս ամենափոքր մասնակցողը օրուայ համերգին:

Մեծարգոյ Քաղաքապետը իր հերթին մեծապէս դրուատեց Վարդուհիին եւ «Վարդավառ» Երգչախմբին, ինչպէս  եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին նորանոր վերելքներ արձանագրելու ճամբուն վրայ:

Սոյն միջոցառումը արժանացաւ բոլորի ազգային գիտակցութիւնը մարմնաւորելու սրբազան նպատակին: Հանդիսատեսը շլացաւ երգչախմբի ձայնային ձուլման ու ներդաշնակութեան, պարարուեստի քնքշութեան եւ հանդիսութիւնը խանդավառող երաժշտութեան համար:

Հանդիսականները ոգեւորուած եւ հպարտութեամբ տոգորուած կ’ուզէին իրենց գոհունակութիւնը լաւագոյն ձեւով արտայայտել:Ոմանք փափաք յայտնեցին հետաքրքրուելու Կոմիտասի մեծութեանը, եւ երաժշտութեան մէջ իր ներդրումներու  մասին:

Եւ վերջապէս «Վարդավառ» Երգչախումբը յաջողեցաւ ազգային երաժշտութիւնը Յորդանանի մշակութասէր շրջանակներու մէջ թափանցելու իր որդեգրած անբասիր նպատակին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին