*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Խմբագրատան աշխատանքներէն յոգնած, անցեալ օր քիչ մը ծովեզերքը քալեմ ըսի, երբ նկարին մէջի այս «գեղեցիկ» տեսարանին ականատեսը եղայ… ուր այլեւայլ աղբերու կողքին սատկած կով մըն ալ ծովեզերքի ջուրերուն վրայ կը ծփար…:
Ի տես այս տեսարանին Լիբանանի քայլերգէն տող մը միտքս ինկաւ… «…Պահրուհու պարրուհու տուրրադ ուլ շարքէյն…» (Իր ծովն ու ցամաքը արեւելքի մարգարիտն են)…:
Լիբանանի ցամաքի աղբակոյտերը կարծես չէին բաւեր, ծովն ալ անկէ ետ չի մնար…։ Իսկական մարգարիտ։ Խօսք չուզեր:
Այսօրուայ համար ալ այսքան սիրելի ընթերցող: