Սեպտեմբեր 8-ին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ սկսած Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստին ընթացքին քննարկուած է վարչապետի պաշտօնին Կարէն Կարապետեանի նշանակման հարցը:
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի նիստին համաձայնութիւն տրուած է վարչապետի պաշտօնին համար Կարէն Կարապետեանի թեկնածութեան առաջադրման: Այս մասին նիստի աւարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախարարներու պաշտօնանկութեան հարց քննարկուա՞ծ է` Զաքարեան ըսած է. «Միայն մէկ հարց քննարկուած է»:
Արտակ Զաքարեան ըսած է, որ Կարէն Կարապետեան յառաջիկային իր կատարելիք աշխատանքը պիտի ներկայացնէ հանրութեան:
Նիստին մասնակցած է նաեւ Յովիկ Աբրահամեան, որ հանդէս եկած է շնորհակալական խօսքով:
Քանի մը օրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի նշէ իր անկախութեան 25-ամեակը: Այդ ատեն երկիրը պիտի ունենայ նոր վարչապետ, որ պիտի ըլլայ անկախ Հայաստանի 14-րդ վարչապետը: Նախորդ 13 վարչապետներէն ամէնէն կարճ ժամկէտով պաշտօնավարած է Արմէն Սարգսեան, ամէնէն երկար ժամկէտով` Անդրանիկ Մարգարեան: