Հոկտեմբեր 28-30` Ճափոնի Իսուցիի Եաշիկի քաղաքին մէջ իրականացուելիք Տիկնիկներու 6-րդ համաշխարհային փառատօնին պիտի ներկայացուին նաեւ Հայաստանէն 14 տիկնիկներ:
Ըստ «Հայերն այսօր»-ի՝ փառատօնին պիտի մասնակցին 71 երկիրներ` ներկայացնելով աւելի քան 1500 տիկնիկներ:
Այս տարուան փառատօնը նուիրուած է Գերմանիոյ: Փառատօնը կ’եզրափակուի Պեթհովընի 9-րդ սիմֆոնիայի ներկայացմամբ: