Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հետ կապուած հարցեր, որոնց շարքին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներու ընթացքին՝ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքը: Քննարկուած է նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին եւ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը: